Չորեքշաբթի, 13 Նոյեմբերին, Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ, Ս. Ներսէս Շնորհալի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մոռցուած Հայրենիք» ֆիլմին ցուցադրութիւնը:
Ձեռնարկին ներկայ էին Քուէյթի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Պետրոս Ծ. վրդ. Մանուէլեան, Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սարմէն Պաղտասարեան եւ համայնքին մէջ գործող ազգային մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Սոյն երեկոն կազմակերպած էր Քուէյթի Հայ Դատի յանձնախումբը: Երեկոյին ընթացքին տեղի ունեցան նաեւ պարգեւատրումներ:
Յանձնախումբի ատենապետ Դրօ Մսըրլեանի ձեռամբ պարգեւատրուեցան Հայ Դատի յանձնախումբին միշտ սատար հանդիսացող Հայաստանի դեսպան Սարմէն Պաղտասարեան, նաեւ տեղացի եւ օտար բարեկամներ, որոնք իրենց աշխատանքներով միշտ նեցուկ կանգնած են հայ ժողովուրդին:
Աւարտին խօսք առին Եգիպտոսէն ժամանած Եգիպտոսի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Արմէն Մազլումեան եւ ֆիլմին բեմադրիչը` Իսամ Նաճի: Վերջիներս եւս յատուկ յուշանուէրներով պարգեւատրուեցան:
