
«ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՁԵՌՔԵՐԸ ԱՐԻՒՆՈՏ ԵՆ». ԹՈՒՆՊԵՐԿ
Հայաստանի մէջ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) գրասենեակին դիմաց կազմակերպուեցաւ «Stop Greenwashing Genocide!» նշանաբանով բողոքի ցոյցը, որուն ներկայ էր նաեւ քաղաքական գործիչ եւ բնապահպան Կրեթա Թունպերկ, որ մերժեց մասնակցիլ ՔՈՓ 29ին`անոր Ատրպէյճանի մէջ կազմակերպման պատճառով:
Ցոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Ատրպէյճանի գործողութիւններու ազդեցութեան՝ թէ՛ մարդու իրաւունքներու եւ թէ տարածաշրջանի բնապահպանական պաշտպանութեան վրայ:
Ցոյցը կազմակերպողները յայտարարեցին, որ բոլոր անոնք, որոնք համաձայնած են, որ կլիմայական վեհաժողովը տեղի ունենայ բռնապետական Ատրպէյճանի մէջ, համերաշխ են ոչ թէ «ի համերաշխութիւն Կանաչ աշխարհի» կարգախօսին, այլ բոլոր այն գործընթացներուն հետ, զորս կատարած է Ատրպէյճան, մասնաւորաբար այն յանցագործութիւններուն հետ, զորս Պաքու գործադրեց Արցախի ժողովուրդին դէմ:


Թունպերկ զարմանք յայտնեց, որ Կլիմայի համաժողովը կը կատարուի բռնապետական նաւթային պետութիւն հանդիսացող Ատրպէյճանի մէջ, ուր մարդու հիմնարար իրաւունքները չեն յարգուիր։ «Ատրպէյճանի ձեռքերը արիւնոտ են թէ՛ իր սեփական ժողովուրդին նկատմամբ ճնշումներով եւ թէ Արցախի հայերուն նկատմամբ գործադրուած ցեղային զտումներով եւ ցեղասպանական գործողութիւններով: Անընդունելի են այն տառապանքները, բռնի տեղահանութիւնը եւ շարունակուող ֆիզիքական եւ հոգեբանական բռնութիւնները, զորս կը դիմագրաւեն հայերը», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ Ատրպէյճան այն պետութիւնն է, որ մեծապէս կախեալ է հանածոյ վառելանիւթէն եւ մտադիր է աւելիով ընդլայնել այդ վառելիքի արդիւնաբերութիւնը:
«Ատրպէյճանի պէս պետութիւն մը պէտք չէ ցեղային զտում կատարէ եւ անոր համար պատասխանատուութեան չենթարկուի», ըսաւ երիտասարդ բնապահպանը՝ ընդգծելով, որ հիմա այդ բռնութիւնը կը հանդիպի ոչ միայն աշխարհի լռութեան, այլ նաեւ համաշխարհային մակարդակով Ատրպէյճանին յատկացուած է հարթակ եւ օրինականութիւն` առաւել եւս խորացնելու համար մարդու իրաւունքներու վերաբերեալ չարաշահումները:
Ըստ Թունպերկի` երբ կ՛ըսուի կլիմայի արդարադատութիւն, նկատի կ՛առնուի արդարադատութիւն բոլորին համար: Ըստ անոր` արհամարհական է, որ աշխարհը կը շարունակէ լուռ մնալ Ատրպէյճանի յանցաւոր գործողութիւններուն նկատմամբ:

«Մենք կոչ կ՛ուղղենք անոնց, որոնք ունակութիւնը ունին բարձրաձայնելու այս բոլորին մասին եւ արդարութիւն պահանջելու բոլոր տուժածներուն համար», ըսաւ Թունպերկ՝ նոյն ատեն կոչ ուղղելով Պաքու գտնուող միջազգային լրատուամիջոցներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք լիազօրութիւն ունին՝ այցելելու Պաքուի մէջ պահուող հայ պատանդներուն եւ պահանջել բոլոր քաղաքական բանտարկեալներուն եւ ռազմագերիներու ազատ արձակումը:
Իրաւապաշտպան Նինա Կարապետեանց իր խօսքին մէջ նշեց, որ այն միջազգային կառոյցները, որոնք կազմուած են մարդկութեան կողմէ, ցաւալիօրէն, չեն աշխատած, որովհետեւ 21րդ դարուն անոնց աչքին առջեւ տեղի ունեցաւ Արցախի հայերուն ցեղասպանութիւնը, իսկ այդ կառոյցները ոչ միայն չտեսան, այլ նաեւ նպատակայարմար գտան երթալ մասնակցելու այդ ցեղասպանութեան հեղինակ երկրին մէջ տեղի ունեցող կենսոլորտային համաժողովին:
Ցուցարարները պահանջեցին, որ բոլոր միջազգային կազմակերպութիւնները, երկիրներու նախագահները, լրագրողները երթան եւ այցելեն Պաքուի մէջ անազատութեան մէջ պահուող հայ գերիներուն: Անոնք պահանջեցին նաեւ անյապաղ ազատ արձակել հայ գերիները:
Ցոյցի աւարտին մասնակիցները նամակ յանձնեցին ՄԱԿի հայաստանեան գրասենեակին: