

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան Զուիցերիա կատարած աշխատանքային այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցաւ ՄԱԿի Մարդու իրաւունքներու բարձր յանձնակատար Վոլթըր Թիւրքի հետ: Զրոյցին ընթացքին, անդրադառնալով աշխարհի զանազան տարածաշրջաններու մէջ ընթացող զինուած հակամարտութիւններուն՝ զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին բազմակողմանիութեան ամրապնդումը` մարդու իրաւունքներու պաշտպանման ուղղութեամբ:
Քննարկումի առանցք հանդիսացան նաեւ Արցախէն բռնի տեղահանուած անձերու կարիքներու հասցէագրման ուղղութեամբ Հայաստանի կողմէ իրականացուող ծրագիրները:
Կողմերը ընդգծեցին մարդու իրաւունքներու պաշտպանման եւ մարդասիրական հարցերու յաղթահարման ուղղութեամբ միջազգային բարձր հեղինակութիւն ունեցող կազմակերպութիւններու եւ երկիրներու քաղաքական իշխանութիւններուն կողմէ ջանքերու մէկտեղման անհրաժեշտութիւնը:
Խաչատուրեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի նախագահ Միրիանա Սփոլեարիչ Էկերի հետ. անոնք քննարկեցին անհետ կորսուածներու, գերիներու եւ այլ պահուող անձերու եւ մարդասիրական բնոյթի այլ հարցեր:
Խաչատուրեան կարեւոր նկատեց Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին հետ սերտ համագործակցութիւնը` ընդգծելով անոր դերը մարդասիրական ճգնաժամերու յաղթահարման եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքներու պաշտպանման մէջ: