Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, արձագանգելով Լա Հէյի դատարանի 12 Նոյեմբերի որոշումներուն՝ յայտնեց, որ Պաքու պիտի շարունակէ իր ջանքերը պատասխանատուութեան ենթարկելու Հայաստանը` «Ատրպէյճանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքներու երկարատեւ բռնագրաւման եւ հակամարտութիւններուն ընթացքին մարդու միջազգային իրաւունքներու բազմաթիւ խախտումներուն համար»։
Նոյն նախարարութիւնը դիտել տուաւ, որ Արդարադատութեան միջազգային դատարանը միակ իրաւական հարթակը չէ, ուր Ատրպէյճան դատ բացած է Հայաստանի դէմ:
Պաքուն շեշտեց, որ նաեւ միջազգային իրաւական այլ հարթակներու վրայ կը պայքարի, ֆինանսական փոխհատուցում ստանալու պահանջով եւս` «Հայաստանի կողմէ միջազգային իրաւունքի շարք մը խախտումներու, որոնց կարգին բռնագրաւման ընթացքին միջավայրի եւ ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու ոչնչացման համար»:
Ասոր զուգահեռ, ըստ «Թասս»ի, Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ յայտարարեց, որ Ատրպէյճան եւ Հայաստան Դեկտեմբերին պիտի վերադառնան խաղաղութեան պայմանագիրի բնագիրի քննարկման՝ նշելով, որ այս պահուն, Պաքուի օրակարգի հիմնական թեման մինչեւ 24 Նոյեմբեր ընթացող ՔՈՓ-29ն է:
Ընդգծելով, որ փաստաթուղթի բնագիրին մէջ որոշ հարցեր կան տակաւին` Հաճիեւ տեղեկացուց, որ փորձագիտական մակարդակով քննարկումները եւ բանակցութիւնները կը շարունակուին:
«Նկատի ունենալով, որ հայկական կողմը ժամանակին չէ արձագանգած խաղաղութեան պայմանագիրի բնագիրին մեր առաջարկին, այս գծով մենք ուշացած կը նկատենք գործընթացը, հետեւաբար, հաւանաբար Դեկտեմբերէն սկսեալ նոր գործընթացի պիտի սկսինք», յայտնեց Հաճիեւ։