Իսրայէլեան բանակը յայտնեց, որ իր օդուժը վերջին քանի մը օրերուն Լիբանանի մէջ «Հըզպալլա»ի պատկանող եւ Կազայի մէջ «Համաս» շարժումին պատկանող առաւել քան 110 թիրախներ հարուածած է:
«Հըզպալլա»ն իր կարգին յայտարարեց, որ «վեցերորդ անգամ ըլլալով» հրթիռակոծած է Մարուն Ռաս գիւղի արեւելեան ծայրամասերուն մէջ իսրայէլեան բանակի մէկ դիրքը, ինչպէս նաեւ սահմանին միւս կողմը գտնուող բնակեցման վայրերուն մէջ հաւաքուած իսրայէլեան ուժերը:
Մինչ այդ, իսրայէլեան օդուժը շարք մը յարձակումներ գործեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ: Յարձակումները հարուածեցին Պէյրութի միջազգային օդակայանին կից շրջան մը:
Յարձակումները շարունակուեցան նաեւ Պեքաայի եւ հարաւային Լիբանանի տարածքին։
Լիբանանեան բանակի Սայտայի հիւսիսային մուտքին վրայ գտնուող անցարգելին մօտ ինքնաշարժ մը օդային յարձակումի ենթարկուեցաւ: Այդ պահուն նշեալ վայրէն կ՛անցնէր ՄԱԿի խաղաղապահ ուժի կարաւան մը, որուն մէջ գտնուողներ վիրաւորուեցան:
Լիբանանեան բանակը յայտարարեց, թէ յարձակումին պատճառով առնուազն 3 քաղաքայիններ սպաննուեցան եւ 3 բանակայիններ ու 4 խաղաղապահներ վիրաւորուեցան:
««Հըզպալլա»ն տակաւին կը յաջողի պահպանել իր հրթիռային կարողութիւնները եւ բազմաթիւ անօդաչու թռչող սարքերը», նշեցին իսրայէլեան լրատուամիջոցներ: