ԱՌԱՆՑ ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐԸ ՆԿԱՏԻ ԱՌՆԵԼՈՒ՝ ՎԱՂԱՀԱՍ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ ԼԱՒ ՏԵՂ ՉԻ ՀԱՍՑՆԵՐ. ԼԱՒՐՈՎ
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին օտարերկրեայ դեսպաններու հաւատարմագիրներու ընդունման արարողութեան ընթացքին ըսաւ, որ Ռուսիա ամէն ինչ կ՛ընէ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան համար, այս մասին կը տեղեկացնէ «Թասս»ը
«Մենք ըրած ենք եւ կ՛ընենք ամէն ինչ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները կարգաւորելու եւ Անդրկովկասի մէջ կայուն խաղաղութիւն ապահովելու համար: Մենք կը շարունակենք աջակցիլ խաղաղութեան պայմանագիրին, պետական սահմանի սահմանազատման, տնտեսական եւ երթեւեկի հաղորդակցութեան կապերու ապաշրջափակման աշխատանքներուն` 2020էն 2022 բարձրագոյն մակարդակով ձեռք բերուած յայտնի եռակողմ պայմանաւորուածութիւններուն համապատասխան», ըսաւ Փութին։
Ան նաեւ լուսարձակի տակ առաւ Հոկտեմբերին Քազանի մէջ տեղի ունեցած ՊՐԻՔՍի գագաթնաժողովին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն` կլոր սեղանին շուրջ զրոյցը:
«Չեմ կրնար գոհունակութիւնս չյայտնել, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարները օգտուեցան Քազանի մէջ ՊՐԻՔՍի վեհաժողովի հարթակէն եւ օգտակար զրոյց ունեցան տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան եւ ազգամիջեան համաձայնութեան հասնելու հիմնարար հարցերուն շուրջ», ընդգծեց Փութին։
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, ըստ «ՌԻԱ Նովոստի»ի, խօսեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան կապերուն մասին՝ դիտել տալով, որ Մոսկուա, «ի տարբերութիւն արեւմտեան կեղծաւոր միջնորդներուն», Երեւանը եւ Պաքուն չի դրդեր հապճեպ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու։
«Ռուսիա վստահ է, որ վաղահաս խաղաղութիւնը` առանց Պաքուի եւ Երեւանի դիրքորոշումները, ինչպէս նաեւ տեղւոյն վրայ իրողութիւնները նկատի առնելու, ոչ մէկ լաւ բանի պիտի յանգեցնէ, ընդհակառակը, անիկա լարուածութեան եւ հակամարտութեան սրման յաւելեալ վտանգներ պիտի ստեղծէ», ըսաւ Լաւրով՝ աւելցնելով, որ Մոսկուա կ՛ողջունէ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացի ծիրին մէջ ձեռք բերուած զգալի յառաջընթացը:
«Նկատի ունենալով երկար տարիներու թշնամութիւնը, ռազմական գործողութիւնները, երկու կողմերու զոհերը` մենք կը հասկնանք, թէ որքան դժուար է Պաքուի եւ Երեւանի համար յառաջընթացի հասնիլ կարգաւորման գործընթացին մէջ: Այս բոլորը կողմերէն կը պահանջեն ոչ միայն զգալի ջանքեր` փոխընդունելի լուծումներ գտնելու համար, այլ նաեւ ժամանակ: Ռուսիա շահագրգռուած է Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեամբ», դիտել տուաւ Լաւրով։