
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» վերլուծական հարթակը
Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ կը գումարէ արտակարգ յաջորդական նիստեր, օրակարգ ունենալով միջին արեւելեան վերջին զարգացումները եւ լիբանանի մէջ ընթացող պատերազմը։
Նիստերուն քննարկման կէտերն են.
– «Երկու պետութիւն» միջազգայնացող օրակարգը եւ 1701-ի գործադրութեան հնարաւորութիւնները:
– Իրանի ներգրաւուածութիւն, «Հըզպալլա»ի նկատմամբ Իրանի օժանդակութեան տարողութիւնը եւ Իրան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները։ Իրան-Իսրայէլ թիրախային պատերազմի հետագայ միտումները։
– Ռուսական գործօնը Միջին Արեւելքի մէջ. ռուսական ուժերու հեռացումը Կոլանէն։ Լիբանանեան իրադարձութիւններուն նկատմամբ ռուսական կեցուածքները։
– Թրքական գործօնը տարածաշրջանին մէջ։ Էրտողանի օգտագործած հռետորաբանութիւնը Իսրայէլի նկատմամբ եւ Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւնները այս պահուն։
– ՀՀ կառավարութեան դիրքորոշումները. «Երկու պետութիւն», Պաղեստինի պետութեան ճանաչում։ Պաշտօնական Երեւանի յայտարարութիւնները ԵՈՒՆԻՖԻԼի դէմ կատարուած յարձակումներուն մասին։ Երեւանի լռութիւնը, քաղաքական յայտարարութեան բացակայութիւնը եւ մարդասիրական օժանդակութեան ուղղութեամբ քայլ չառնելը։
– Կազա, Հարաւային Լիբանան եւ Արցախ. համեմատութիւններ, զուգահեռներ, տարբերութիւններ, բռնի տեղահանութիւն, դիմադրութիւն։
– Հրադադարի հնարաւորութիւններ։ Միջնորդութեան եւ երաշխաւորութեան ուղիներ։ Զուիցերիական օրինակներ հակամարտութիւններու լուծման նպատակով միջնորդաւորման։
– Իսրայէլի կողմէ միջազգային օրէնքի ակներեւ խախտումներ։ Միջազգային բանաձեւերը Լիբանանի մասին եւ զանոնք գործադրելու խոչընդոտները։
– Պատերազմական գործողութիւնները եւ լիբանանահայ համայնքը։
– Ֆրանսայի նախաձեռնութիւնները, յատկապէս 1701-ի գործադրութեան ուղղութեամբ։ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին Պէյրութ այցելութեան ուղերձները։
– Սփիւռքի ընելիքը ներկայ ճգնաժամին, լիբանանահայութեան ուղղութեամբ։ Քաղաքական, մարդասիրական եւ կազմակերպական ուղղութիւններ։
– Պատերազմը եւ համահայկական տեղեկատուական դաշտը:
Արտակարգ երկրորդ նիստին, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի 3 Նոյեմբերին, վեհափառը ժողովականներուն հարցումներուն իբրեւ պատասխան՝ պարզեց Միացեալ Նահանգներու նախագահական թեկնածու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ իր ունեցած հեռախօսային զրոյցին մանրամասնութիւնները։ Ժողովականները հաստատեցին, որ անկախ ընտրարշաւի շարժառիթէն, արծարծուած հարցերը՝ Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձ, միջազգային երաշխիքներու պայմանականութիւն եւ ընդհանրապէս Արցախի հայութեան իրաւունքներու զօրակցութեան պահանջ կ՛ընդգծեն Արցախի հարցին փակուած չըլլալը եւ հետագային տարուելիք իրաւական եւ քաղաքական աշխատանքներուն համար հնարաւորութիւն կը ստեղծեն։
«Կիլիկիա» հարթակը կը շարունակէ յաջորդական արտակարգ նիստերու գումարումը։