
Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց միութեան Գրական յանձնախումբին հովանաւորութեամբ, Կիրակի, 17 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ յարգանքի եւ երախտագիտութեան երեկոյ մը, նուիրուած՝ ազգային հերոս եւ Վասպուրականի հերոսամարտի ղեկավարներէն Լեւոն Փաշա Շաղոյեանի մահուան 50ամեակին։
Օրուան բանախօսն է՝ Թամար Թիւֆէնքճեան, իսկ հանդիսավարը՝ Սոնա Մատարեան։
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ միութեան «Մէսճեան» կեդրոնին մէջ, որուն հասցէն է՝ 1811 S. Glendale Ave., Glendale, CA 91205։
Մուտքը ազատ է։