
«Ս. ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ ՄԵՐ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԱՄԷՆԱՄԵԱՅ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Է». ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Կիրակի, 20 Հոկտեմբերին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Օրենճ քուանթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց հանդիսաւոր Ս. պատարագ, քարոզեց եւ օրհնեց տէր եւ տիկին Զոհրապ եւ Սեդա Ղազարեաններու ընտանիքին կողմէ՝ ի յիշատակ իրենց հանգուցեալ ծնողաց նուիրուած եկեղեցւոյ նոր զանգը:
Արդարեւ, Կիրակի օրը, Օրենճ քուանթիի մէջ հոգեւոր եւ մշակութային տօն էր: Ս. խորանին սպասարկեցին հոգեւոր հովիւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան, նախկին հովիւ Հրանդ Ա. քհնյ. Երէցեան, սարկաւագներ, դպիրներ եւ երգեցիկ խումբը, ներկայութեամբ եկեղեցւոյ հիմնադիրներու, բարերարներու, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներու, շրջանի Ազգային երեսփոխաններու, Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային վարժարանի պատասխանատուներու եւ աշակերտներու, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի անդամներու եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան:
Իր քարոզին նշանաբանը վերցնելով եկեղեցւոյ շարականագիրքէն՝ սրբազանը դիտել տուաւ, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանը քրիստոնէացուց, իսկ Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետը հայոց տառերուն ստեղծումով քրիստոնէութեան շնորհեց հայկական զօրեղ նկարագիր մը, որովհետեւ հայոց գիրերու գիւտին շնորհիւ, մեր ազգը սկսաւ հասկնալ «թագուհի թարգմանութեանց» տիտղոսին արժանացած հայատառ եւ հայախօս Աստուածաշունչը եւ զայն ամբողջ էութեամբ որդեգրեց եւ դարձուց իր ինքնութեան մաս: Ան նաեւ հաստատեց, որ Թարգմանչաց տօնը ամէնամեայ ժամադրութիւն եւ հանդիպում է մեր ինքնութեան հետ, որովհետեւ այս տօնին շնորհիւ Աստուած հայերէն խօսեցաւ մեր ժողովուրդին հետ, որ իր ազգային բնիկ լեզուով սկսաւ հասկնալ եւ ըմբռնել երկինքն ու յաւիտենական կեանքի խորհուրդը եւ տոգորուեցաւ անցողիկը մնայունին զոհելու պատրաստակամութեամբ ու յաւիտենական կեանքը ժառանգելու գաղափարը դարձուց երկրային կեանքի գերագոյն նպատակը:


Քարոզին ընթացքին, Գեղամ արքեպիսկոպոսը յատուկ աղօթքով եւ շարականներու երգեցողութեամբ նաեւ օրհնեց կոչնակի դեր կատարելու կոչուած զանգակը՝ նշելով, որ այս զանգակը կոչ է դէպի Աստուած եւ քրիստոնէական հաւատք՝ ուրեմն եւ կոչ՝ դէպի հայ քրիստոնէական դարաւոր ինքնութիւն եւ ասկէ մեկնած՝ զայն կոչեց «ղօղանջ թարգմանչաց»:
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, խորան եւ դահլիճ միաբերան երգեցին «Կիլիկիա» մաղթերգը, որուն աւարտին առաջնորդական թափօրը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ «Ղուկասեան» սրահը, ուր Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային վարժարանի աշակերտական խումբեր ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն աւարտին առաջնորդը իր արտասանած սրտի խօսքին մէջ բարձր գնահատեց աշակերտները եւ նշեց, որ Մեսրոպ Մաշտոցի որդեգրած՝ հայեցի դաստիարակութեան եւ Հայաստանի զանազան անկիւններու մէջ դպրոցներ հաստատելու քաղաքականութեան շնորհիւ, 405 թուականէն ի վեր մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ առաջնային տեղ կը գրաւէ հայեցի դաստիարակութիւնը:
Ակնարկելով աշակերտներու կողմէ կատարուած հայկական տարազներու ցուցադրութեան՝ ան դիտել տուաւ, որ ազգագրական բնոյթի այս տարազները մինչ այսօր մեզ մեր արմատներուն կը կապեն եւ թէ` այս մթնոլորտին ստեղծումը եւ զարգացումը մեզ բոլորս ազգային հպարտութեամբ կը լեցնեն, անշուշտ, առանց ստորադասելու այլ ազգեր եւ հաւաքականութիւններ:
Հուսկ, եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը սրբազան հօր իր երախտագիտութիւնը յայտնեց՝ անոր նուիրելով հայկական գեղեցիկ պանակէ մը:


Օրենճ քաունթիի համայնքային կեանքին մէջ Թարգմանչաց տօնին յիշատակումը եւ ստեղծուած տօնական մթնոլորտը եզրափակուեցան սիրոյ սեղանով մը, որուն մասնակցեցան բոլոր ներկաները՝ իրենց ուրախութիւնը եւ երախտագիտութիւնը յայտնելով շրջանը այցելած առաջնորդին եւ անոր հայրական օրհնութիւնները ստացած՝ թեթեւցած սիրտով մեկնեցան իրենց տուները:
Յայտնենք, որ Շաբաթ գիշեր, առաջնորդը հիւրընկալուեցաւ շրջանի ազգայիններէն տէր եւ տիկին Լեւոն եւ Զարուհի Ղուկասեան ամոլին կողմէ, վերջինիս սեփական ճաշարանին մէջ, սեղանակից ունենալով շրջանի հիմնադիրներ, բարերարներ եւ վաստակաւոր ազգայիններ: