Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւին յղած է նամակ մը՝ յորդորելով այս տարուան ընթացքին աւարտին հասցնել Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը։
«Միացեալ Նահանգներու նախագահը ուրախ է տեսնելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կայուն յառաջընթացը խաղաղութեան պայմանագիրին ուղղութեամբ: Ուաշինկթըն կը մնայ հաստատակամ` աջակցելու երկու երկիրներուն միջեւ մնայուն ու արժանապատիւ խաղաղութեան, որ վերջապէս վերջակէտ պիտի դնէ դարաւոր հակամարտութեան», գրած է Պայտըն նամակին մէջ, ըստ ատրպէյճանական պետական «Ազերթաճ» գործակալութիւնը:
«Խաղաղութեան պայմանագիրը ոչ միայն պիտի երաշխաւորէ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը, այլ նաեւ պիտի վերափոխէ ամբողջ տարածաշրջանը` ճամբայ հարթելով մեծցող առեւտուրի, ներդրումներու, Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ միջեւ հաղորդակցութեան համար», նշած է Պայտըն։
Նամակը հրապարակուած է Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ շաբաթներ առաջ Նիւ Եորքի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին մասնակցութեամբ կայացած հանդիպումէն ետք, ուր Պլինքըն խրախուսած էր ջանքեր գործադրել` համաձայնագիրը կարելի եղածին չափ շուտ վերջնական տեսքի բերելու համար:
Նոյն կոչով Պաքուին դիմեց նաեւ Սպիտակ տան ղեկավարը: «Այժմ, երբ աշխարհին ուշադրութիւնը կ՛ուղղուի դէպի Պաքու` COP29ին վերաբերող, դուք բացառիկ կարելիութիւն ունիք համաշխարհային հանրութեան առջեւ ցոյց տալու ձեր յանձնառութիւնը՝ խաղաղութեան», գրած է Պայտըն՝ ընդգծելով. «Խաղաղութեան պայմանագիրի չհամաձայնեցուած յօդուածներու համաձայնեցումը պիտի պահանջէ ստեղծագործական մօտեցում ու փոխզիջում բոլոր կողմերէն: Սակայն ես վստահ եմ, որ դուք պիտի շարունակէք քայլերը այդ ուղղութեամբ, եւ կը քաջալերեմ ձեզ՝ աւարտին հասցնելու պայմանագիրը այս տարուան ընթացքին»:
Իր կարգին, Ալիեւ Հայաստանի Սահմանադրութեան գծով իր դժգոհութիւնը յայտնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ օգնական, Ազգային ապահովութեան խորհուրդին մէջ Եւրոպայի գործերու աւագ տնօրէն Մայքըլ Քարփենթըրին:
Ընդունելով հիւրը՝ Ալիեւ 21 Հոկտեմբերին պնդեց, որ Ատրպէյճանն է խաղաղութեան պայմանագիրին նախաձեռնողը եւ յայտնեց, որ Պաքու կ՛աջակցի տարածաշրջանային խաղաղ օրակարգին:
«Յայտնելով, որ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան ճամբուն վրայ հիմնական խոչընդոտ են Հայաստանի սահմանադրականօրէն ամրագրուած տարածքային յաւակնութիւնները Ատրպէյճանի հանդէպ, նախագահ Իլհամ Ալիեւ ընդգծեց, որ մեր երկիրը այսուհետեւ եւս պիտի շարունակէ վճռական քայլերը գործընթացին յառաջ մղման համար», գրած է պետական լրատու գործակալութիւնը: