
Կիրակի, 13 Հոկտեմբերին Արամ Ա. կաթողիկոսը իր հայրապետական պատգամը ուղղեց Պոսթընի հայութեան, Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Ս. եւ անմահ պատարագին, որ մատուցուեցաւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի ձեռամբ:
Պոսթընէն եւ շրջակայից արուարձաններէն հայորդիներ հոծ բազմութեամբ ներկայ էին՝ մասնակցելու սուրբ պատարագին, լսելու պատգամը վեհափառին եւ ստանալու անոր հայրական օրհնութիւնը:
Պատարագէն անմիջապէս ետք, Պոսթընի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը՝ ի պատիւ Արամ Ա. կաթողիկոսին:

Ճաշկերոյթին ընթացքին, յանուն եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, խօսք առաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հրանդ Ծ. վրդ. Թահանեան: Նախ, ան իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց վեհափառին՝ հովուապետական օրհնաբեր այցելութեան համար, եւ Պոսթընի հայութեան թարգմանը հանդիսանալով՝ հայր սուրբը յայտնեց, թէ կաթողիկոսին այցելութիւնը հոգեւոր խանդավառութեան եւ վերանորոգութեան առիթ հանդիսացաւ շրջանին մէջ:
Ճաշկերոյթի ընթացքին եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները հայ ասմունքով ու երգով ճոխացուած հակիրճ յայտագիր մը ներկայացուցին:
Ճաշկերոյթին աւարտին, վեհափառը իր հայրական յորդորը ուղղեց ներկաներուն: Ան իր խօսքին սկիզբը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց ժամանակակից աշխարհը՝ զայն բնորոշելով արմատական ու յեղափոխական փոփոխութիւններով լեցուն աշխարհ մը, ընկերութեան բոլոր բնագաւառներուն մէջ: Ապա, կաթողիկոսը յիշեալ փոփոխութիւններուն մասին խօսեցաւ մանրամասնօրէն եւ յայտնեց անոնց անդրադարձը հայ կեանքին վրայ: Կաթողիկոսը շեշտեց Սփիւռքի վերակազմակերպումին հրամայականը՝ իր պատկերացումը ներկայացնելով չորս հիմնական կէտերու մէջ՝ ինքնութիւն, գաղութներու վերակազմակերպում, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց ամրապնդում եւ երիտասարդներու մասնակցութիւն հայ կեանքին մէջ:
Ջերմ ծափողջոյններով ընդունուեցաւ կաթողիկոսին խօսքը, որ, ինչպէս միշտ, կատարուեցաւ անգլերէնով, նկատի ունենալով ամերիկածին երիտասարդներու ներկայութիւնը:
Ճաշկերոյթին աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոսը «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանով պարգեւատրեց Նուպար Աֆէեանը: Վերջինս, խօսք առնելով՝ յիշեց իր անցեալը, Լիբանանը եւ Պոսթընի հայ կեանքին մէջ տարած աշխատանքը:


Յայտնենք, որ Աֆէեան զոյգը բարերար հանդիսացած է Ս. Ստեփանոս վարժարանին մէկ շէնքին եւ զանազան պատասխանատուութիւններ ստանձնած է գաղութին մէջ:
Ճաշկերոյթէն ետք, վեհափառը իր իջեւանած պանդոկին մէջ ընդունեց Նուպար Աֆէեանի այցելութիւնը: Երկար հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանին եւ Սփիւռքին վերաբերող շարք մը հարցեր:
Նուպար Աֆէեան կաթողիկոսին իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց՝ նպաստելու Սփիւռքի վերակազմակերպման վերաբերող ծրագիրներուն՝ կրթական, մշակութային եւ այլ բնագաւառներու մէջ: