Չորեքշաբթի, 16 Հոկտեմբերին, մարոնիթ եկեղեցւոյ կեդրոնատեղի Պքերքէի մէջ գումարուեցաւ Լիբանանի քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւորականներու արտակարգ վեհաժողովը, որուն սկիզբը մարոնիներու Ռայի պատրիարքը խօսք մը արտասանելով՝ յայտնեց, որ լիբանանեան տագնապը պէտք է դիմագրաւել միասնակամ ճիգերով։ Խօսք առին նաեւ ներկայ հոգեւոր պետերէն ոմանք, որոնք նոյնպէս ընդգծեցին Լիբանանի կրած ողբերգութիւնը միասնաբար դարմանելու։
Նշենք, որ վեհաժողովէն քանի մը օր առաջ, մարոնիթ պատրիարքը, որ նախաձեռնողը եղաւ յիշեալ ժողովին, հեռաձայնով կապ հաստատեց Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ, որ ներկայիս, հովուապետական այցելութեամբ կը գտնուի Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմը, եւ խորհրդակցեցաւ վեհաժողովին կողմէ հրապարակելի յայտարարութեան շուրջ։ Յայտնենք, որ վեհաժողովին հայրապետը ներկայացուց Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:
Վեհաժողովին աւարտին հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, թէ Իսրայէլի բարբարոս յարձակումը թիրախ կը դարձնէ ամբողջ Լիբանանը եւ բոլոր լիբանանցիներուն արժանապատուութիւնը, «եւ լիբանանցիները իրենց միասնականութեամբ, զօրակցութեամբ եւ իրենց հողին ու հայրենիքին կառչելով՝ կրնան տոկալ ու ետ մղել թշնամին` շեշտելով, որ Լիբանանի մէջ լուծումները պիտի ըլլան եւ պէտք է ըլլան ճամբով միայն միասնական ազգային լուծումներու, որոնք հիմնուած են լիբանանեան սահմանադրութեան, Թայէֆի համաձայնութեան, Լիբանանի պետութեան եւ անոր միակ իշխանութեան, անոր ազատ որոշումներուն, հայրենիքի ու ազգային գերիշխանութեան պաշտպանութեան անոր պատասխանատու դերին եւ իր ժողովուրդին, անոր ապահովութեան, կայունութեան ու բարգաւաճման երաշխաւորման կառչելուն վրայ»:
Վեհաժողովը կոչ ուղղեց, որ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը անմիջապէս ժողով մը գումարէ` զինադադարի հաստատման վճռական որոշում մը որդեգրելու եւ դադրեցնելու Լիբանանի դէմ գործուող ջարդը: Նաեւ՝ բոլոր լիբանանցիներուն կոչ ուղղեց` «փրկելու իրենց հայրենիքը, որովհետեւ ներկայ պահը ամուլ վէճի պահը չէ, պահանջներու եւ շահերու ապահովման պահը չէ: Ներկայ պահը փաստելու համար է մեր միասնական լիբանանցիներ ըլլալու կարողութիւնը եւ այս հայրենիքին պատկանելու արժանի ըլլալը: (…) Ներկայ պահը փոխհասկացողութեան, համագործակցութեան եւ միախմբուելու պահն է, որովհետեւ լիբանանեան գոյացութիւնը վտանգներու եւ կորսուելու վտանգի ենթակայ է, որովհետեւ թշնամի Իսրայէլի ախորժակները անսահման են, թէ՛ ժամանակի, թէ՛ վայրի առումով: Այժմ պահը Լիբանանը փրկելու համար զոհողութիւններ ընելու պահն է, զօրակցութեան պահն է, թեւ-թիկունք կանգնելու եւ միասնութեան պահն է: Պէտք է ամրապնդենք իրարու նկատմամբ վստահութիւնը եւ գործակցինք՝ կառուցելու համար կարող եւ արդար պետութիւնը, ամրապնդենք անոր հաստատութիւնները, որպէսզի լիբանանցի ժողովուրդին միասնականութիւնը մնայ ամէնէն ուժեղ զէնքը` պաշտպանելու Լիբանանը եւ հաստատելու անոր ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան իրաւունքը»:
Հոն նաեւ բոլոր լիբանանցիներուն կոչ կ՛ըլլայ` կատարելու իրենց հայրենիքին նկատմամբ իրենց պարտականութիւնները, որոնց առաջինը սահմանադրական հաստատութիւններու վերակազմութիւնն է, մասնաւորաբար խորհրդարանի անմիջապէս ձեռնարկելը ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը, որ բոլոր լիբանանցիներուն վստահութիւնը կը վայելէ, եւ այդ մէկը իրականացնել՝ կառչելով սահմանադրութեան կէտերուն եւ «կարելի առաւելագոյն չափով փոխհասկացողութեամբ ու համաձայնութեամբ», լիբանանցիներու կամքով, Ազգային ուխտի ոգիով եւ ազգային շահերը արտաքին շահերէն բարձր նկատելով:
Նաեւ, կը պահանջուի անմիջապէս ձեռնարկել ամբողջական գործադրութեան ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին, ներառեալ աջակցելով լիբանանեան բանակին, ամրապնդելով Լիբանանը պաշտպանելու անոր կարողութիւնը եւ ընդգծելով Լիթանի գետէն հարաւ ու Լիբանանի զանազան շրջաններու մէջ անոր ընդարձակ տեղակայումը: Իսկ Լիբանանի կառավարութիւնը իր կարգին պէտք է բոլորովին տէր կանգնի իր պարտաւորութիւններուն եւ ըստ սահմանադրութեան գործակցի խորհրդարանին հետ` արաբ եղբայրներու եւ աշխարհի տարածքին բազմաթիւ բարեկամներու՝ Լիբանանի փրկութեան մասնակցութիւնը ապահովելու:
Վերջապէս, ընդգծուեցաւ լիբանանցիներուն միասնականութիւնը եւ զիրար ընդունելու կարեւորութիւնը, մասնաւորաբար ներկայ դժուար փուլին: Առ այդ, պէտք է դարձեալ կազմեն մէկ եւ միասնական խումբ մը՝ յօգուտ իրենց միացեալ շահին եւ Լիբանանի շահին, եւ այդ ալ Լիբանանի պետութեան պայմաններով եւ անոր հովանաւորութեամբ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ պետութիւնը իր ձեռքը կ՛առնէ ազգային որոշումը եւ կը պաշտպանէ ազգային գերիշխանութիւնը եւ ժողովուրդին արժանապատուութիւնը, ինք կ՛ըլլայ Լիբանանի բոլոր հողերուն վրայ իշխանութեան միակ տէրը:
Վեհաժողովը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց արաբական եղբայրական պետութիւններուն եւ ՄԱԿի խաղաղապահ ուժին՝ ՖԻՆԻՒԼին` ընդգծելով, որ արաբական շրջանին մէջ գլխաւոր դատը Պաղեստինի արդար դատն է։