Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ «Համաս»ի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Եահիա Սընուար սպաննուած է:
«Սընուարի հետ բախումը պատահեցաւ Ռաֆահի Թել Սուլթան շրջանին մէջ, եւ ան զինուորական բաճկոն հագած էր, ու անոր հետ մարտական այլ ղեկավար մը կար», յայտնեց կայանը:
«Սընուար կը գտնուէր ականուած շէնքի մը մէջ եւ հագած էր ձեռնառումբերով լեցուն բաճկոն մը: Սընուարի ահաբեկման գործողութիւնը ծրագրուած չէր, եւ գրեթէ պատահական էր», հաղորդեց իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12րդ կայանը:
Նշենք, որ Սընուար «Համաս» շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար ընտրուած էր նախկին ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի՝ Թեհրանի մէջ Իսրայէլի կողմէ ահաբեկուելէն ետք: