Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 16 Հոկտեմբերին ընդունեց Հայաստանի մօտ հաւատարմագրուած Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու արտակարգ եւ լիազօր դեսպանները` Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Վասիլիս Մարակոսի գլխաւորութեամբ:
Փաշինեան կարեւոր նկատեց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն բազմաոլորտ համագործակցութիւնը եւ անգամ մը եւս ընդգծեց Հայաստանի կառավարութեան պատրաստակամութիւնը` խորացնելու եւ ընդլայնելու բազմաոլորտ յարաբերութիւնները եւրոպացի գործընկերներուն հետ: Այս պարունակին մէջ, Փաշինեան շեշտեց նախորդ տարուան Հոկտեմբերին Կրանատայի մէջ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն տեր Լայէնի հետ միացեալ յայտարարութեամբ, ինչպէս նաեւ այս տարուան Ապրիլին Պրիւքսէլի մէջ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն-Միացեալ Նահանգներ բարձր մակարդակի հանդիպման իբրեւ արդիւնք ընդունուած յայտարարութեամբ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները արդիւնաւէտ եւ հետեւողական կերպով իրականացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Մարակոս անդրադարձաւ վերոնշեալ յայտարարութիւններով նախատեսուած քայլերու իրականացման ընթացքին եւ ընդգծեց Եւրոպական Միութեան շարունակական աջակցութիւնը` Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական եւ տնտեսական ոլորտներուն մէջ բարեփոխումները յառաջ տանելու գործին։ Ան կարեւոր նկատեց նաեւ վիզաներու ազատականացման շուրջ Հայաստանի հետ երկխօսութեան մեկնարկը, Եւրոպական Միութեան խաղաղութեան հիմնադրամէն Հայաստանին օժանդակութիւն ցուցաբերելու որոշումը:
Ապա անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ քննարկումներուն: Փաշինեան շեշտեց հայկական կողմին հաւատարմութիւնը խաղաղութեան օրակարգին եւ ընդգծեց Հայաստանի պատրաստակամութիւնը` համաձայնեցուած յօդուածներու հիման վրայ ստորագրելու պայմանագիրը եւ շարունակելու հետագայ քննարկումները միւս հարցերուն շուրջ:
Տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման ծիրին մէջ, զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան արդիւնաւէտ գործունէութիւնը:
Միտքեր փոխանակուեցան տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման կարելիութիւններուն շուրջ:
Մարակոս յայտնեց Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը Հայաստանի գերիշխանութեան ու Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին:
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ տարածաշրջանային նշանակութիւն ունեցող այլ հարցերու: