Եւրոպական Միութիւնը պատժամիջոցներ հաստատեց եօթը իրանցիներու եւ նոյնքան իրանեան ընկերութիւններու դէմ, հաղորդեց իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը:
Եւրոպական խորհուրդը յայտարարեց, որ պատժամիջոցները հաստատուած են իբրեւ պատասխան Իրանէն Ռուսիա անօդաչու թռչող սարքերու եւ հրթիռներու մատակարարումներուն:
Ըստ Եւրոպական Միութեան յայտարարութեան, պատժամիջոցներու ենթարկուած ընկերութիւններէն են՝ «Սահա Էր», «Մահան Էր» եւ «Իրան Էր» օդանաւային ընկերութիւնները:
Իրան եւ Ռուսիա բազմաթիւ անգամներ հերքած են Եւրոպական Միութեան պնդումները, թէ Թեհրան Մոսկուային միջին հասողութեամբ հրթիռներ եւ անօդաչու թռչող սարքեր փոխանցած է` զանոնք Ուքրանիոյ մէջ օգտագործելու նպատակով: