ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթը՝ «Դրօշակ»ը, յառաջիկայում փորձելու է իր ուշադրութիւնը սեւեռել մեր ազգին ու պետականութեանը յուզող կարեւորագոյն հարցերին, փորձելու է ստեղծել հասարակական ու քաղաքական մտքի խմորման այն դաշտը, որտեղ հնարաւոր է գտնել մեզ անհրաժեշտ հարցերի լուծումները։ Պաշտօնաթերթի դռները բաց են բոլորի առջեւ, այն Հ.Յ.Դ.ի պաշտօնաթերթն է, բայց բոլորինն է», Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի շէնքին մէջ Նոյեմբեր 29ին կայացած հանդիպումի ընթացքին ըսաւ «Դրօշակ»ի գլխաւոր խմբագիր, գրող, հրապարակախօս Ռուբէն Յովսէփեան։
Հանդիպման առիթը Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի վերահրատարակման եւ արդէն իսկ 5 համարներու ողջունահանդէսն էր, որուն ներկայ էին բազմաթիւ գրողներ, մտաւորականներ եւ լրագրողներ:
Ռուբէն Յովսէփեան նշեց նաեւ, որ հայ մամուլի պատմութիւնը հարուստ է հրատարակութիւններով, հանգամանք մը, որ ապացոյցն է ազատ խօսքի, ազատ արտայայտուելու եւ ինքնարտայայտուելու մեր վաղեմի պահանջին:
«Ցաւօք, քաղաքական, նիւթական եւ այլ տեսակի պայմանները միշտ չէ, որ երկարակեցութիւն են ապահովել այս կամ այն օրգանին, այս կամ այն հրատարակութեանը: Ցաւօք, հայ մամուլի պատմութիւնը հարուստ է նաեւ վաղամեռիկ ծնունդներով: Հայ մամուլի պատկերը մեր ժողովրդի պատկերն է: Քաղաքական, նիւթական եւ այլ կարգի դժուարութիւնները չեն շրջանցել նաեւ 1891ից լոյս ընծայուող «Դրօշակը»: Եղել են ընդհատումներ, եղել են վերանուանումներ, եղել են խմբագրակազմերի փոփոխութիւններ, բայց, բարեբախտաբար, պարբերականը բոլոր առումներով պահպանել է շարունակելու իր ձգտումը եւ կամքը մինչեւ մեր օրերը՝ միանալով այսօրուայ մամուլի մեծ ընտանիքին», նշեց գլխաւոր խմբագիրը։
Պաշտօնաթերթի վերահրատարակումը ողջունեց նաեւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, ԱԺ փոխնախագահ Վահան Յովհաննիսեան։ «Շնորհաւորանքս առաջին հերթին ուղղում եմ նոր խմբագրակազմին, խմբագիրներ Ռուբէն Յովսէփեանին եւ Կարէն Խանլարեանին, յոյսով, որ նրանք կը կարողանան շարունակել այն աւանդոյթները, որոնք տասնամեակներով են ձեւաւորուել։ Բանն այն է, որ «Դրօշակ»ը միշտ ղեկավարել են մեր լաւագոյն ընկերները, մեր փորձառու եւ ամենագիտակ գործիչները, եւ դա պատահական չէ, որովհետեւ ինչպէս Դաշնակցութիւնը ստեղծեց իր պաշտօնաթերթը, այդպէս էլ այդ տարիներն են շարունակ ստեղծում Դաշնակցութիւնը։ Որովհետեւ այն կուտակում է եւ սփռում է դաշնակցական քաղաքական միտքը», ըսաւ Վ. Յովհաննիսեան։
Ան շարունակեց ըսելով, որ այսօր շատ են խնդիրները, որոնք ունի ամբողջ մամուլը՝ նիւթական, թեքնիք, բայց կայ կարեւոր խնդիր մը եւս. «Միտքը այսօր հեշտ մարսուող ապրանք չէ, շատ աւելի մարսուող են զգայացունցը, հաճոյախօսութիւնը, զուարճախօսութիւնները, կամ, ի վերջոյ, գայթակղութիւնները։ Միտքը, որը մնում է քո մէջ, որը քո սեփական գաղափարներն է ձեւաւորում եւ՝ նաեւ քեզ՝ որպէս անհատ, քաղաքացի, այդ տեսակի թերթեր, ամսագրեր, ցաւօք, մենք քիչ ունենք։ Հէնց դա է պատճառը, որ Հ.Յ.Դ. Բիւրոն որոշեց, չնայած բոլոր դժուարութիւններին, լարել ուժերը եւ վերականգնել պաշտօնաթերթի վերահրատարակումը՝ այդ գործում ներգրաւելով մեր ամենագիտակ գործիչներին։ Ես վստահ եմ, որ «Դրօշակ»ը մտաւորականութեան շրջանակում կը գտնի իր ընթերցողը, կ’անցնի որոշ ժամանակ, եւ այն հետաքրքիր կը դառնայ բոլորին, որովհետեւ Հայաստանի կեանքը զարգանում է, մեր կուսակցութիւնը զարգանում է, ու բնական է, որ մեր պաշտօնաթերթը պէտք է մտնէր զարգացման նոր փուլ։ Եւ այս նոր փուլը սկսուած է։ Ունենք արդէն 5 համար, սա հսկայական աշխատանք է, բայց ես վստահ եմ, որ հսկայական աշխատանքը դեռ առջեւում է», եզրափակեց Վ. Յովհաննիսեան։
Մեր կողմէ նշենք, որ «Դրօշակ»ին կարելի է բաժանորդագրուիլ հեռաձայնելով Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Հանրային կապի գրասենեակ, (818) 243-7059 թիւով: