
Շաբաթ, 21 Սեպտեմբերին, Քալիֆորնիոյ Փասատինա քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Փեթակ» շաբաթօրեայ դպրոցը իր աշակերտներով, ծնողներով եւ հիւրերով տօնեց Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 33ամեակը:
Ամէնամեայ այս տօնակատարութիւնը սկսաւ մանկապարտէզի սանիկներուն՝ իբրեւ հայրենիքի փոքրիկ պաշտպաններ, համաչափ քայլերով սրահ մուտքով: Ապա բոլոր ներկաները յոտնկայս երգեցին Հայաստանի քայլերգը:
Բ. դասարանի աշակերտներ Արէնը, Սանահինը, Նիքըլըսը եւ Արեւը իրենց քաղցրիկ եւ ցնծուն ձայնով արտասանեցին «Մեր Անուշիկ Հայաստան» ոտանաւորը եւ ըսին. «Սէգ սարերդ կը սիրենք / Օդդ ու ջուրդ կը սիրենք / Քաղցրիկ սիրով մանկական / Մեր անուշիկ Հայաստան»: Աւագ դասարանի երկու աշակերտուհիներ Քէյլան եւ Օտէթը արտասանեցին Պարոյր Սեւակի «Իմ Հայաստան» բանաստեղծութիւնը եւ վեհաձայն գոչեցին. «Իմ քաղցրանուն, / Իմ բարձրանուն, / Իմ տառապած, / Իմ փառապանծ… / Սրի պատեան, / Սիրոյ մատեան՝ / Միշտ հին ու նոր իմ Հայաստան»:
Յայտագիրը ունէր դաստիարակչական բաժին մը: Աշակերտները դիտեցին անկախութիւնը խորհրդանշող՝ բծախնդրութեամբ ընտրուած լուսանկարներ՝ անկախ Հայաստանի զինանշանը, դրօշակը, Ազգային ժողովը եւ պետականութեան այլ նշաններ, մինչ լսեցին իրենց տարիքին յարմար բացատրութիւններ: Ապա, աշակերտները բեմ բարձրացան եւ դաշնակահարուհի Էլմիրա Սիմոնեանի նուագակցութեամբ երգեցին «Անուշ Հայրենիք» եւ «Հայերէն Որգենք» երգերը: Յայտագիրը աւարտեցաւ Տէրունական աղօթքով:
Իբրեւ քաղցր հրաժեշտ՝ ներկաները վայելեցին անկախութեան թեմայով ձեւաւորուած կարկանդակէն կտոր մը:
Այս տարի WASC-ի կողմէ վարկաւորուած «Փեթակ» դպրոցը, վայելելով Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի օրհնութիւնը եւ հովանաւորութիւնը՝ բոլոր տարիքի եւ լեզուական ամէն մակարդակի հայորդիներուն կու տայ հայեցի դաստիարակութիւն: Լեզուի դասերուն զուգահեռ անիկա ունի թատրոնի, երգի եւ պարի յատուկ ժամեր: Դպրոցին նպատակն է՝ ընտանեկան ջերմ միջավայրի մը մէջ հայ աշակերտին ազգային եւ հոգեւոր ինքնութիւն տալ: Արձանագրութեան եւ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի՝ (626) 449-1523 թիւով, կամ saturdayschool@stgpas.com հասցէով։