«20 Սեպտեմբերին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, այցելելով իր երկրին վերահսկողութեան տակ գտնուող Շուշի՝ ներկայ եղաւ «Դրօշի հրապարակ»ի բացման արարողութեան, որ կառուցուած էր 2021ին, Պաքուի կողմէ ոչնչացուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշակոթողին վայրին մէջ», կը յայտնէ Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպան կայքը։
Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու՝ «Դրօշի հրապարակ»ին մօտ պիտի կառուցուի նաեւ «Յաղթանակի թանգարան»ը՝ նուիրուած 44օրեայ պատերազմին Ատրպէյճանի տարած յաղթանակին:
Նշենք, թէ հոն կը կառուցուի նաեւ Ատրպէյճանի «յաղթանակը» մատնանշող Շուշիի նոր մզկիթը, որուն հիմնարկէքը կատարուած էր Մայիս 2021ին, Ալիեւի կողմէ:
44օրեայ պատերազմէն ետք, ատրպէյճանցիները Շուշի քաղաքի գրաւման յատուկ տեղ կու տան՝ իբրեւ «Ղարաբաղի ազատագրման համար պատերազմին տարած յաղթանակի խորհրդանիշ»: Հետեւաբար, Շուշիի բարձրադիր կէտին կառուցուելիք այս երեք համալիրներուն կը տրուի յատուկ նշանակութիւն: Այս երեք կառոյցները՝ յատկապէս մզկիթը եւ թանգարանը կը խորհրդանշեն հայկական Արցախի ոչնչացումը, հայութեան ցեղային զտումները: