ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ կառուցուելիք նոր համալիրին, Գիւմրիի օդակայանին եւ օդափոխադրումներու ոլորտին առնչուող այլ հարցեր քննուեցան նախագահ Քոչարեանի եւ քաղաքացիական օդափոխադրումներու գլխաւոր վարչութեան պետ Արտեոմ Մովսիսեանի Դեկտեմբեր 18ի աշխատանքային հանդիպման ընթացքին:
Մովսիսեան նախագահին տեղեկացուց, որ «Զուարթնոց» օդակայանի տնօրէնութիւնը արդէն ներկայացուցած է ճամբորդներու հաշուառման, ապահովութեան եւ սահմանային հսկողութիւններու համար նոր համալիր կառուցելու դիմումնագիրը, որ յառաջիկային պիտի ներկայացուի կառավարութեան հաստատման:
Գլխաւոր վարչութեան պետը նաեւ ներկայացուց ուղեւորներու փոխադրումներու մասին տուեալներ, համաձայն որոնց ուղեւորներու թիւը 2007ին կազմած է մօտ 1.5 միլիոն, որ կէս միլիոնով աւելի է 2003-2004ի համեմատ:
Հանդիպման ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ Գիւմրիի վերանորոգուած օդակայանը եւրոպական ընկերութիւններու թռիչքներու ծրագիրներուն եւ կազմակերպական փաստաթուղթերուն մէջ ներառելու ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներու մասին:
Նախագահ Քոչարեան քննուած հարցերու շուրջ տուաւ յանձնարարականներ: