3 Հոկտեմբերին, Էլիզէի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հանդիպումը:
Հայաստանի վարչապետին աշխատակազմէն յայտնեցին, որ անոնք քննարկեցին Հայաստան-Ֆրանսա բազմաոլորտ օրակարգին վերաբերող հարցեր, ընդգծուեցաւ բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման եւ ամրապնդման վերաբերող հետեւողական քայլերու իրականացման շարունակականութեան կարեւորութիւնը:
Փաշինեան կարեւոր նկատեց բարեկամ Ֆրանսայի մնայուն աջակցութիւնը եւ ընդգծեց Հայաստանի պատրաստակամութիւնը՝ երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր ոլորտներու զարգացման վերաբերող քայլերու իրականացման:
Մաքրոն վերահաստատեց իր անվերապահ աջակցութիւնը Հայաստանին, ինչպէս նաեւ Ֆրանսա-Հայաստան երկկողմ յարաբերութիւններու հետեւողական զարգացման պատրաստակամութիւնը:
Իսկ Փաշինեան անդրադարձաւ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծին շուրջ քննարկումներու արդիւնքներուն՝ նշելով, որ նախագիծի կէտերուն 80 տոկոսը համաձայնեցուած է, եւ Հայաստան պատրաստ է անոր հիման վրայ ստորագրելու պայմանագիրը եւ շարունակելու հետագայ քննարկումները: Փաշինեան կարեւոր նկատեց տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման վերաբերող քայլերը՝ յայտնելով, որ պայմանագիրի ստորագրութիւնը պիտի նպաստէ այդ հարցի լուծման:

Մաքրոն եւ Փաշինեան անդրադարձան կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին վերաբերող հարցերու. Փաշինեան շեշտեց, որ Հայաստան պատրաստ է գերիշխանութեան, իրաւազօրութեան, փոխադարձութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքներուն հիման վրայ ընթանալ դէպի տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակում:
Մաքրոն իր կարգին իր երկրին աջակցութիւնը յայտնեց խաղաղութեան եւ կայունութեան գծով Հայաստանի կառավարութեան քայլերուն եւ նոյն ատեն ան ողջունեց «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Արցախէն բռնի տեղահանուած անձերու ընկերային հարցերուն, բնակարաններու ապահովման՝ Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրին: Այս գծով Փաշինեան եւ Մաքրոն կարեւոր նկատեցին միջազգային հանրութեան հետեւողական աջակցութիւնը՝ հարցերու հասցէագրման եւ լուծման համար:
Փաշինեան եւ Մաքրոն քննարկեցին նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն փոխգործակցութեան վերաբերող հարցեր: Փաշինեան նշեց, որ Հայաստանի՝ Եւրոպական Միութեան հետ փոխգործակցութեան հարցին մէջ կ՛ակնկալէ բարեկամ Ֆրանսայի շարունակական աջակցութիւնը: Ան նոյն ատեն բարձր գնահատեց Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան դերակատարութիւնը եւ ընդգծեց Ֆրանսայի կարեւոր դերը՝ Եւրոպական Միութեան հետ վիզաներու ազատականացման երկխօսութեան մեկնարկին եւ Հայաստանին՝ Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամին կողմէ աջակցութեան ուղղութեամբ:
Փաշինեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ֆրանսայի վարչապետ Միշել Պարնիէի հետ, որ ընդգծեց իր յանձնառութիւնը՝ նպաստելու երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական-տնտեսական համագործակցութեան հետեւողական զարգացման մէջ: Ան նշեց, որ յատուկ վերաբերում ունի Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին նկատմամբ եւ պատրաստ է հետագային եւս նպաստելու երկկողմ կապերու շարունակական ամրապնդման:
Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց իր պաշտօնակիցին՝ երկու ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութեան խորին նուիրուածութեան ու Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ բացառիկ յարաբերութիւններու ամրապնդման մէջ անոր անձնական նշանակալի աւանդին համար:
Զրուցակիցները բարձր գնահատեցին Հայաստան-Ֆրանսա աշխոյժ երկխօսութիւնը՝ շեշտելով նաեւ երկկողմ տնտեսական եւ շարք մը թիրախային՝ ուժանիւթի, թուային արհեստագիտութիւններու, քաղաքաշինութեան, գիւղատնտեսութեան, զբօսաշրջութեան, առողջապահութեան ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան զարգացման կարեւորութիւնը: