
Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց միութեան Գրական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 6 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, միութեան «Մէսճեան» կեդրոնի «Խաչատուրեան» սրահին մէջ (1811 S. Glendale AVE. Glendale, CA 91205) տեղի պիտի ունենայ հայ մշակոյթին նուիրուած ձեռնարկ մը։
«Մշակոյթի Երեկոյ» խորագրուած ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ՀՕՄի Մէյմարեան շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտները եւ Սալբի Հացպանեան շաբաթօրեայ վարժարանի շրջանաւարտները։ Օրուան բանախօսն է՝ դաստիարակ, ազգային եւ հանրային գործիչ Գէորգ Պետիկեան։
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։