«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումի ղեկավար Բագրատ արք. Գալստանեան հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքական ուժերու, կուսակցութիւններու, Հայաստանի նախկին նախագահներ Ռոբերտ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի հետ, տեղեկացուց «Սրբազան պայքար»ի «Թելեկրամ»ի ալիքը:
Ըստ նոյն աղբիւրին՝ տակաւին նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հետ հանդիպում տեղի չէ ունեցած՝ «Տէր Պետրոսեանի գրասենեակի կողմից ներկայացուած յարգելի պատճառներով»:
Կը նշուի, որ հանդիպումները տեղի ունեցան 22 Սեպտեմբերին Երեւանի մէջ հաւաքին ընդառաջ: