
Ուրբաթ, 30 Օգոստոսին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿի) Շրջանային վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Թամար Փօլատեան Փերոնի:
Հանդիպումին ընթացքին այցելուները շնորհաւորեցին Գեղամ արքեպիսկոպոսի առաջնորդ ընտրութիւնը եւ մանրամասնութիւններ փոխանցեցին իրենց աշխատանքներուն ու հետագայ ծրագիրներուն մասին:
Սրբազան հայրը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց հիւրերուն եւ իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց անոնց այն վստահութեամբ, որ հայութեան կեանքին մէջ գործող իւրաքանչիւր կազմակերպութիւն, միութիւն եւ միաւոր իր գնահատելի ներդրումը ունի ազգային կեանքի բարգաւաճման մէջ: