
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կանչեց Թեհրանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսէյ Տետովը` վերջին շրջանին Մոսկուայի՝ Ատրպէյճանը Հայաստանի տարածքով Նախիջեւանին կապող «միջանցք»ին աջակցելուն պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Թելեկրամ»ի ալիքը:
Թեհրան իր մտահոգութիւնը յայտնելով՝ ըսաւ, թէ դէմ է աշխարհաքաղաքական որեւէ փոփոխութեան, որ կրնայ խախտել շրջանին մէջ հաստատուած սահմանները:
«Իրնա» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին մանրամասնեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի օգնական եւ Եւրասիոյ հարցերու գծով ընդհանուր տնօրէն Մոճթապա Տեմիրճիլու յայտնեց Թեհրանի աջակցութիւնը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան` նոյն ատեն ընդգծելով, որ Իրան դէմ է միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու եւ աշխարհաքաղաքական հաստատուած դրութեան որեւէ փոփոխութեան:
Տեմիրճիլու Երկուշաբթի երեկոյեան դեսպան Տետովի հետ հանդիպման ընթացքին նաեւ ընդգծեց տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն շահերուն եւ օրինական մտահոգութիւններուն ուշադրութիւն դարձնելու անհրաժեշտութիւնը:
Երկու դիւանագէտները, միտքեր փոխանակելով Կովկասի մէջ ընթացող զարգացումներու շուրջ՝ շեշտեցին կարեւորութիւնը ազգային գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ երկիրներու փոխադարձ շահերը յարգելու կորեւորութիւնը:
Տեմիրճիլու եւ Տետով նաեւ ընդգծեցին տարածաշրջանի երկիրներուն կարողութիւններու օգտագործման անհրաժեշտութիւնը՝ հարցերը լուծելու եւ խաղաղութեան ու կայունութեան ամրապնդման եւ տնտեսական ծրագիրներու իրականացման համար` նկատի ունենալով բոլոր կողմերուն շահերը:
Խօսուեցաւ նաեւ «3+3» խորհրդատուական ձեւաչափի յառաջիկայ հանդիպման մասին: