
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Ինչպէս ամէն գրասէր մարդ, ե՛ս ալ տանս սա կամ նա անկիւնը ունիմ հին թղթապանակներու բազմաթիւ տրցակներ, որոնք տասնամեակներէ ի վեր իրարու վրայ կուտակուած թանկագին «մասունք»ներ կը պարունակեն: Մասունքներ` բացառաբար ինծի՛ համար: Որովհետեւ կասկած չունիմ, որ իմ անմիջական շրջապատին մէջ ոչ ոք անոնցմով պիտի հետաքրքրուէր ինձմէ զատ, ոչ ոք զանոնք գուրգուրանքով պիտի պահէր-պահպանէր այսքան երկար տարիներ` պահարանի մը մէկ խորշը, անկողինի մը յատակի պահեստարանին մէջ կամ պարզապէս գրադարանի մը մէկ մութ անկիւնը…
Երբեմն անզուսպ փափաք մը կ՛արթննայ իմ մէջ` քրքրելու այդ թղթապանակներուն պարունակութիւնը: Ու եթէ ձեռք զարնեմ անոնց, ա՛լ օրը իրիկուն կ՛ըլլայ, կը տարուիմ ու կը կլանուիմ անոնցմով երկա՜ր ժամեր, նոյնիսկ` առանց անդրադառնալու, որ… անօթեցած եմ:
Աստուա՜ծ իմ, որքան առատ ու անհաշուելի նիւթեր հաւաքուած են այնտեղ: Այս բոլորը ե՞րբ քով-քովի բերած, ե՞րբ կուտակած եմ իրարու վրայ: Հին թերթեր, մամուլէ մկրատուած սիւնակներ, գրողներու, երեւելի դէմքերու, յիշարժան դրուագներու մասին տպագիր նիւթեր, լուսանկարներ, աշխարհի ամէն կողմէն հասած նամակներ եւ այլն, եւ այլն:
Այս նիւթերուն թերթատումը անուշ ու քիչ մըն ալ թախծոտ յիշատակներ կը բոցավառէ իմ հոգիին խորը: Անմիջապէս կ՛անդրադառնամ, որ երկա՜ր տարիներ սահեր-անցեր են մեր կեանքէն: Ու անշուշտ կը տխրիմ` մտածելով այն դէմքերուն մասին, որոնք մեր շրջապատին կամ կեանքին մէջ կայի՛ն երէկ, բայց այսօր չկան…
Քանի մը օր առաջ դա՛րձեալ խառնշտկեցի իմ հին թղթապանակները: Մոռցուած ինչե՜ր ու ինչե՜ր կային այնտեղ: Եւ առաջին հերթին` հին ու հնամաշ թերթեր, դադրա՛ծ թերթեր, որոնք եղած էին իմ մտաւորական սնունդը:
Ահաւասիկ դէզերուն տակէն դուրս կը քաշեմ լրագիր մը, որ կը կոչուի «Այգ»: Նաեւ` պարբերաթերթ մը, որ կը կրէ նոյն անունը: Անուանակից երկու թերթերը դրեր եմ կողք-կողքի:
Սիրուն բառ մըն է «այգ»ը: Կը նշանակէ «առաւօտ»: Այս նոյն արմատով ունինք «ցայգ» (մինչեւ առաւօտ երկարող ժամանակը, այսինքն` գիշեր), «ցայգալոյս», «այգաբաց» («իրիկնամուտ»ին հականիշը) եւ «այգաշող» բառերը, նաեւ` «այգուց»ը, որ մեռելաթաղին յաջորդ օրուան հոգեհանգիստին տրուած անունն է:
«Այգ» օրաթերթէն արխիւիս մէջ պահեր եմ միայն մէկ օրինակ:
– «Ա՞յգ»…, ո՞ւր տպուեր է այս թերթը,- հարց պիտի տան անշուշտ բազմաթիւ ընթերցողներ:
Է՜, այսօր «Այգ»ը գրեթէ չի յիշուիր անշուշտ, որովհետեւ ան պատմութեան գիրկը նետուած է` ահա արդէն աւելի քան քառասունհինգ տարիէ ի վեր:
Լիբանանաբնակ հին սերունդը, մանաւանդ` ընթերցասէր խաւը, լա՛ւ կը ճանչնար այս թերթը, որ սկսեր էր լոյս տեսնել 1953ին, Պէյրութի մէջ, իբրեւ սեփականութիւնը ծանօթ երեսփոխան Տիգրան Թոսպաթի (1909-2002), որ միաժամանակ տէրն էր ֆրանսերէնով հրատարակուող Le Soir լրագրին: Տ. Թոսպաթ ֆրանսագիր էր, հայերէն չէր գրեր ու Ամերիկա անցնելէ ետք ալ շարունակեց գրիչ շարժել իր սիրած լեզուով` առանձին էջ մը պահպանելով Լոս Անճելըսի «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթին մէջ:
«Այգ» անկախ օրաթերթ մըն էր եւ, առ այդ, տեսակ մը չորրորդ ձայն մըն էր հայ երեք կուսակցութեանց Լիբանանի ծանօթ օրկաններուն («Ազդակ», «Զարթօնք», «Արարատ») շուքին տակ:
«Այգ»ի խմբագրութիւնը կը վարէր Տիգրան Թոսպաթի կողակիցը` տիկ. Լիւսի Թոսպաթ (1901-1987), որ քոյրն էր վաղամեռիկ բանաստեղծ Մատթէոս ԶարիՖեանի ու գրագիտուհի Սիրան Սեզայի: Ան յաջողեր էր իր շուրջ ունենալ օգնական խմբագիրներ ալ (Երուանդ Կոպէլեան, Եղիա Նաճարեան, Նազարէթ Թօփալեան, Շահանդուխտ եւ այլք), որոնք իրենց աշխատանքով կը յաջողէին թերթին տալ որոշ գոյն մը ու զայն վերածել լիբանանեան կեանքի մէկ հայելիին: Նշեալ խմբագիրներէն Շահանդուխտ հետագային իր յուշերուն մէջ հետաքրքրական դրուագներ պիտի պատմէր «Այգ»ի աշխատակիցներուն, խմբագրատան մթնոլորտին եւ հոն շահուած իր լրագրական փորձառութիւններուն մասին:
«Այգ» վերջնականապէս դադրեցաւ 1975ին Լիբանանի մէջ բռնկած քաղաքացիական պատերազմին պատճառով:
* * *
Միւս «Այգ»ը` պարբերաթերթը, ունէր կիպրական հպատակութիւն: Անիկա կը պատրաստուէր ու կը հրատարակուէր Նիկոսիոյ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան ուսանողութեան կողմէ` որպէս դպրոցական պարբերական:
Երկարամեայ պարբերաթերթ մը եղած է «Այգ», որուն ծնունդը կը կապուի 1937 թուականին: Հաստատութեան գրականութեան ուսուցիչը` պր. Սարգիս Ապտալեան (նո՛յնինքն մեզի ծանօթ բանաստեղծ Վահէ-Վահեանը), ի՛նք է, որ ձեռնամուխ եղած է այս պարբերաթերթին հրատարակութեան` քաջալերելու համար աշակերտներուն գրողական ձիրքերը: Ձեռնարկը յարատեւած է, ու «Այգ»ը լոյսին բերուած է շուրջ քառասունհինգ տարիներու երկայնքին, գոնէ մինչեւ 80ականներ, թէկուզ` որոշ ընդմիջումներով:
Իմ ձեռքին տակ գտնուող «Այգ»ի միակ թիւը ունի վաթսուն տարուան հնութիւն ու կը կրէ 1962-1963 թուականը: Տպուած է Պէյրութ, տպարան «Տէր Սահակեան»: Կը շոյե՜մ կողքը… 80 էջանի այս թիւը ձօնուած է պարբերաթերթին 25ամեակին: Կը թղթատեմ էջերը յուզումով:
Որակաւոր գրութիւնները աչքի կը զարնեն ինքնաբերաբար, ոմանք` աւարտական դասարանցիներուն կողմէ ստորագրուած, ոմանք ալ` աւելի կրտսերներէ: ԺԲ. կարգէն աշակերտ մը գրած է խմբագրականը, աշակերտուհի մը ուսումնասիրութիւն պատրաստած է Ժան-Ժագ Ռուսոյի ու անոր «Էմիլ» հատորին մասին, այլ աշակերտ մը սեւեռումի ենթարկած է Սիլվա Կապուտիկեանի քերթողութիւնը, կարգ մը աշակերտուհիներ ալ լայնօրէն բացատրած են, թէ ի՛նչ բովանդակութեամբ գիրքեր կը նախընտրեն կարդալ եւ ինչո՛ւ…: Հասարակաց գիծը այն է, որ բոլոր գրութիւններն ալ կը ճաճանչեն գեղեցիկ ու մշակուած հայերէնով մը, որ 60 տարի առաջուան մեր երկրորդական վարժարաններուն համար բնական երեւոյթ էր: Մինչդեռ այսօր մեր այդ նոյն դպրոցներէն շրջանաւարտները երկու տող անսխալ գրել չեն յաջողիր… Ցաւ մըն է ասիկա, որ տեւաբար կը տառապեցնէ զիս: Ի՞նչ պատահեցաւ մեզի: Տարիներու թաւալքին հետ մայրենի լեզուն ինչո՞ւ գլտորեցաւ անդունդէ անդունդ ու դարձաւ անմատչելի, անշահեկան…
Հոս կ՛արձանագրեմ «Այգ»ի այս թիւին յօդուածագիր 22 աշակերտներուն անունները: Չեմ գիտեր, թէ անոնցմէ քանի՞ն ի կեանս է ու քանի՞ն բաժնուած է այս աշխարհէն… Մտովին տաքուկ ողջոյն մը կը յղեմ բոլորին. Զաւէն Հաճընեան, Լեւոն Թնկըրեան, Անժէլ Ճապրայեան, Մեսրոպ Թաշճեան, Զոհրապ Պետրոսեան, Լուիզա Կապէեան, Տիգրան Քաջիկեան, Վիքթորիա Չոլաքեան, Արթօ Վիրաւորեան, Գրիգոր Թաւուքճեան, Եսթեր Տեմիրճեան, Կարօ Այալթուն, Մելինէ Գանթարճեան, Համեստուհի Պալեան, Մարի Մուխթարեան, Վիքթորիա Էքմեքճեան, Պերճ Քէօշկերեան, Յասմիկ Մարաշլեան, Երանուհի Ղազարեան, Արամ Աճեմեան, Պետիկ Թարխանեան եւ Սօսի Օգգայեան:
Նոյնքան հետաքրքրական են «Այգ»ի վերջին քսան էջերը, որոնք արձագանգներ կը բերեն մեզի վարժարանին ներքին կեանքէն: Կը կարդամ թղթակցութիւնները: Օ՜, մէկ տարուան ընթացքին արտադասարանային այդ որքա՜ն ձեռնարկներ սարքուեր են Մելգոնեանի կտուրին տակ: Նշուեր է Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1600ամեակը, տօնուեր է Կաղանդը, յիշատակի հանդէսով մը ոգեկոչուեր են դպրոցին հիմնադիր բարերարները, նշուեր է Վարդանանքը, կազմակերպուեր են գրական-գեղարուեստական երեկոներ, տօնախմբուեր է ՀԲԸՄի տարեդարձը, սգահանդէս մը նուիրուեր է Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն, սարքուեր են թատերախաղեր եւ ասուլիսներ… Գիտենք, որ այսպէ՛ս էր Մելգոնեանը այդ երանելի թուականներուն…
Եւ վերջապէս, կը դիտեմ խմբանկարները: Ահա՛ մանկավարժական բաժնի 1963ի շրջանաւարտից լուսանկարը: Ութ ընթացաւարտներու առջեւ նստած են վեց ուսուցիչներ. պարոնայք Սեպուհ Աբգարեան, Վահան Պէտէլեան, Ներսէս Թամամեան, Խաչեր Գալուստեան (տնօրէն), տոքթ. Յարութիւն Էսէկիւլեան եւ Վահրամ Մավեան` «Հայու Բեկորներ»ու անմոռանալի հեղինակը: Պատկառելի՜ փաղանգ:
Այո՛, այսպիսին էր Մելգոնեանը 60 տարի առաջ…