Կիրակի, Դեկտեմբեր 2, 2007 Քալիֆորնիոյ հայ երիտասարդաց միութեան, «Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շատ կարեւոր դասախօսութիւն, որ կազմակերպուած էր միութեան գրական յանձնախումբին կողմէ:
Դասախօսն էր՝ Հայ Դատի գործիչ, իրաւաբան Սեդօ Պոյաճեան, որ իր բացատրութիւններով եւ մեկնաբանութիւններով կրցաւ գրաւել ներկաներուն ուշադրութիւնը: Ան հանգամանօրէն խոստացաւ յատկապէս մեզ՝ հայերս մտահոգող քաղաքական հարցերու եւ «ինչու»ներու մասին:
Ահա այս ինչուներու բացատրութեան անդրադարձաւ յարգելի դասախօսը, մանրամասնելով եղելութիւնը 106րդ բանաձեւին կապակցութեամբ: Ան բացատրեց իրական պատկերը, որ հայերու բնաջնջման հարցը կը գտնուի ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու տան, ինչպէս նաեւ միջազգային ատեաններու արխիւներուն մէջ:
Այս փաստերուն մասին անշու՛շտ որ տեղեակ է նախագահ Պուշը, որ կտրականապէս դէմ կեցաւ ներկայացուցիչներուն, որ քուէարկեն ի նպաստ 106րդ բանաձեւին:
Սակայն, նախագահ Պուշ թելադրեց քոնկրէսականներուն, թէ «հիմա ժամանակը չէ 106րդ բանաձեւի ընդունման, քանի որ այդ իրավիճակը կը վնասէ ԱՄՆ-Թուրքիա գործակցութեան:
Դասախօսութեան աւարտին, ներկաներուն կը յուզէին շատ անյայտ հարցեր, որոնց պատասխանը հայութեան հետեւողական պայքարն է եւ արդարութիւնը ուշ կամ կանուխ պիտի յաղթանակէ եւ 106րդ բանաձեւը պիտի վաւերացուի: