ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Երիտասարդական տարիքի համար բացառիկ երեւոյթներ են մարդկային դէմքին եւ մարմինի գեղեցկութիւնները: Սիրոյ, ամուսնութեան եւ կեանքի այլ բնագաւառներուն հիմքը կը կազմէ ֆիզիքական գեղեցկութիւնը, որ առաջին տպաւորութիւնը կը թողու դիմացինին վրայ: Դեռ խօսքի կամ ձայնային յարաբերութեան մէջ մտնելէ առաջ, նախ տեսքն է որ կը տպաւորէ դիմացինը, կապի առաջին քայլը արձանագրելով անոր միտքին մէջ: Ո՞վ կը մտածէ սովորական մէկ պահու, որ տարիքը պիտի նսեմացնէ գեղեցիկ դէմք մը, եւ նոյն պատճառով պիտի այլափոխուի կատարեալ մարմին մը. իսկ հոգին միակ իրականութիւնն է, որ անփոփոխ պիտի մնայ: Նայեցէք բարի ծերունիներուն. չկարծէք, որ անոնք իրենց երիտասարդութեան չար ու անհանդուրժելի մարդիկ եղած են: Ըլլա՛ն անոնք տղամարդ կամ կին՝ անպայման իրենց հոգեկան ճանապարհին շարունակողներն են: Դէմքի կնճիռներուն վրայ ուրուագծուող ժպիտը անգամ կը պատմէ անցեալին մասին, երբ բարեժպիտ դէմքով կը նայէին անոնք մարդոց, միշտ նպաստելու համար անոնց կարիքներուն: Օրինակելի, կամ նուազագոյնը՝ լաւ անձ ըլլալու համար, պէտք է սիրենք այն անձերը, զորս կրնանք սիրել: Այսինքն՝ առաւելագոյն գործդ, իբրեւ տկար մահկանացու, ասիկա է, որ կրնաս ընել: Աւելին, կրնաս իրագործել այն բարիքը, այնքան որքան կարողութիւնդ կը ներէ: Այսօր, երբ ամէն մարդ բազմատեսակ հարցերով ծանրաբեռնուած առօրեայ ունի, չի՛ կրնար հասնիլ այն բոլորին, որովհետեւ այլապէս կը խճողուի իր կեանքը:
Առաջնահերթութիւնները, տագնապները, դժուարութիւնները եւ նոյնիսկ վտանգները ամէնօրեայ իրարանցումներ են, որոնք յաճախ ժամավաճառ կը դարձնեն մեզմէ շատերը: Կ՛ուզե՞ս հասնիլ բոլորին՝ ուրեմն պիտի հրաժարիս անձնական կեանքդ արժեւորող բազմաթիւ իրագործումներէ եւ նուիրուիս շրջապատիդ առօրեային: Երեւակայական պատկերացումներ են ասոնք, որոնք ընդհանրապէս դուրս եկած են արդի կեանքի օրատետրէն: Սակայն, սոյն օրատետրէն ամբողջութեամբ դուրս գալ կարելի չէ՛: Ուրիշին օգնելու մօտեցումը, աստուածապարգեւ շնորհք մըն է, երկնատուր փափաք մը, որուն ժամանակը կամ առիթը յանկարծ կը յայտնուի իւրա- քանչիւրիս կեանքին մէջ: Օգնութեան այդ պահը չկորսնցնելը իսկապէս երկնաշնորհ առիթ մըն է, զոր պէտք չէ կորսնցնէ բարեսիրտ մարդը: Ի՞նչ կրնաս ընել, երբ ուրիշին օգնելու առիթը ներկայանայ քեզի: Ահաւասիկ փորձիչ պահը, երբ մանաւանդ նիւթական օգնութեան կամ նպաստ հայթայթելու առիթ մը ներկայանայ քեզի: Սեփական կարողութեան չափը կամ քանակը միայն տուեալ անձին գիտութեան ծանօթ է: Ուրիշներ արտաքին տեսքէն դատելով կրնան սխալիլ, երբ տուեալ անձը կը սիրէ արտաքնապէս տպաւորիչ երեւիլ եւ փայլուն տեսքով յայտնուիլ իր ընկերական միջավայրին մէջ: Շնորհք մըն է այս երեւոյթը, որովհետեւ նոյնիսկ ծոմապա- հութեան մէջ եղող մարդոց կը թելադրէ Աւետարանը հեռու մնալ արտաքին տեսքի վատացման կեղծ երեւոյթներէն եւ կը խրատէ պահպանել լաւն ու բնականը ¤Հմմտ Մտ 6.16-18¥: Ուրեմն, առանց ուրիշներու տպաւորութիւններու հաշիւը կատարելու, իւրաքանչիւր անձ իր կարողութեան չափով կրնայ օգնել ուրիշին, գէթ նուազագոյն բարիքը կատարած ըլլալով, տէր կանգնելու կարօտեալին: Ուրեմն, կարողութեան սահմանին մէջ, ի՛նչ որ կատարես, թէ՛ քեզ կը բաւարարէ հոգեպէս եւ թէ Աստուծոյ գնահատականը կը ստանաս ապագային: Աստուած միշտ պատրաստ է իր բարիքները առատացնելու քու կեանքին մէջ: Եթէ կորսնցուցիր այն, ինչը տուիր ուրիշին, հաւատա՛ որ կրկնապատիկը պիտի ստանաս Աստուծմէ: Անոր հանդէպ ունեցած սէրդ, այսպիսի պարագաներու դուրս կու գայ գաղափարական իմաստէն, եւ իրական կեանքի մասնիկ մը կը դառնայ: Եթէ դուն սիրեցիր զԱստուած ա՛յս ձեւով, Անոր սէրն ալ մարմին պիտի ստանայ քեզի հանդէպ, այդպիսիի ձեւով մը…։ Ամէն ինչ իր ժամանակը ունի այս կեանքին ընթացքին: Ուրեմն պէտք է համբերել, դիմաւորելու համար աստուածապարգեւ վայրկեանը կեանքի:
Սովորական կեանքի տեսարանները այնքան գեղեցիկ են, որ յաճախ կրնան խաբել մարդոց: Ընդհանրապէս կը նմանինք այն ճամբորդներուն, որոնք արագավազ երթուղիի գնացքին մէջ են, եւ պատուհաններէն կը դիտեն արտաքին տեսարանները: Լեռնային գեղեցիկ պատկերները յանկարծ կրնան փոխուիլ, անտիրութեան մատնուած գիւղերու տեսարաններու վերածուելով: Լքուած մարդիկ տքնաջան աշխատանքներու լծուած կ՛աշխատին աղբակոյտերու մէջ եւ իրենց կեանքի դժբախտութիւնը կը տնօրինեն անպատասխանատու մարմիններու անտեսումին մատնուած: Իրարմէ մեծ տարբերութիւն ունեցող այս պատկերներով լեցուն է նաեւ մարդկային միտքը, որուն բեմական վարագոյրները յանկարծական կրնան բացուիլ եւ փակուիլ: Այն տեսարանները, որոնք ցաւ կը պատճառեն քեզի, շուտով պէտք է փակես, որպէսզի կեանքդ չվերածուի դժոխքի: Հոգիդ ամփոփոխ պահելու դաստիարակութեան առաջին դասարանն է այս, որպէսզի կարենաս աստուածապարգեւ կեանքդ դասաւորել եւ յաջողութեամբ աւարտել կեանքի դպրոցը: Երանի՜ այն ծերունիներուն, որոնք կրցած են այս արդիւնքով պսակել իրենց կեանքը, եւ աւարտին հասցնել զայն: Ասիկա այնպիսի քաջութիւն մըն է, որ չի թողուր ուրիշները քեզ կեցնել ճամբու կիսուն: Այս քաջութիւնն է, որ շարունակել կու տայ քեզի կեանքի ճամբադ, աւարտին հասցնելու համար աստուածատուր առաքելութիւնդ: Հոգիդ ամփոփոխ պահելու ձեւերէն մէկն է ասիկա, որուն տէր ըլլալը հոգեկան քաջութիւն մըն է:
Շրջապատիդ մէջ գտնուողները ճանչնալը ուրիշ է, քան սիրելը: Ճիշդ է, որ սէրը գերագոյն աստիճանն է նուիրումի համար, սակայն, բացայայտ ճանաչողութիւնը շատ աւելի գործնական քայլեր ունի ծառայութեան եւ զոհաբերութեան առումով: Ուրիշներուն հանդէպ նուիրաբերման կեցուածքդ, ճշմարիտ եւ համեստ մարդիկ պիտի հաւաքէ շուրջդ, որոնք իսկական ընկերներդ պիտի դառնան: Անոնց հանդէպ ունեցած սեփական ծառայութիւններդ մոռցնել կու տան նոյնիսկ անցեալիդ տխուր էջերը եւ նոր կեանքով զօրանալու դուռ կը բանան դիմացդ: Անցեալը մոռնալը սահմանափակ պէտք է ըլլայ, որովհետեւ անկէ վերցուած դասերը ամէնօրեայ յիշեցումներ պէտք է տան ենթակային: Այլապէս անցեալի դժբախտութիւնները կրնան կրկնուիլ եւ նոր ողբերգութիւններու դուռ բանալ:
Հոգիին անփոփոխ ըլլալուն երջանկութիւնը գլխաւոր մխիթարութիւններէն մէկն է, որ նաեւ կրնայ ուսուցողական իր դերը շարունակել մինչեւ մարդու կեանքին վախճանը: Գեղեցիկ դէմքը կրնայ փոխուիլ, նոյնիսկ շքեղ ձայնը դողալ ու տկարանալ, սակայն հոգին երբեք չի փոխուիր, այլ իր օրինակելի տեսքով՝ կը մնայ դաստիարակիչ բոլոր նորելուկ սերունդներուն համար: