
ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական միութեան տարեկան բանակումը այս տարի տեղի կ՛ունենայ Աղաւնաձորի մէջ: Անոր կը մասնակցին առաւել քան 100 երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ արցախցի երիտասարդներ:
5օրեայ ծրագիրին առանցքը հայրենիքը եւ հայրենասիրութիւնն է: Նախատեսուած են բանախօսութիւններ, քննարկումներ, ֆիզիքական վարժութիւններ, մարզախաղեր, խմբային աշխատանքներ, մարտական վարժութիւններ, բանականութեան խաղեր եւ ազգային երգեր ու պարեր:
21 Օգոստոսին, բանակողներուն այցելեցին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան:

Շահրամանեան զրուցեց երիտասարդներուն հետ եւ պատասխանեց անոնց հարցումներուն:
Նոյն օրը, քաղաքական ներկայ իրավիճակին, ապահովական հարցերուն, պայքարին եւ կատարուելիքներուն մասին երիտասարդներուն հետ զրուցեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղթէլեան: