
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ԱՊՀի անդամ երկիրներու հարցերով զբաղող բաժանմունքի տնօրէն Միքայէլ Աղասանդեան ըսաւ, թէ այժմ Երեւանի մէջ կը գերակշռէ ՀԱՊԿի հետ գործակցութենէն հրաժարելու միտումը։ «Այդ դիրքորոշումը, ինչպէս մեզի կը թուի, կը հակասէ Հայաստանի ժողովուրդի շահերուն եւ էապէս կը տկարացնէ ազգային ապահովութիւնը։
«ՌԻԱ Նովոսթի»ի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, ան ըսաւ հետեւեալը. «Վերջին հաշուով, ՀԱՊԿ եւ Ռուսաստանի այլընտրանքներ՝ որպէս հանրապետութեան կայունութեան երաշխիքների, գոյութիւն չունեն։ Այս փուլում ՀԱՊԿում լիարժէք համագործակցութեան դռները Հայաստանի վերադարձի համար բաց են, իսկ փոխադարձ պարտաւորութիւնները կազմակերպութեան շրջանակում մնում են անփոփոխ։ Ակնկալում ենք, որ հայ գործընկերները, յաղթահարելով կասկածները, նորից կը ցուցադրեն աշխատանքի հետաքրքրուածութիւն՝ յօգուտ բարեկամական հայ ժողովրդի ռազմավարական շահերի»։
Ան աւելցուց, որ Երեւանի համար շահեկան է ԵԱՏՄի աշխատանքներուն մասնակցիլը եւ յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ Հայաստան չի հրաժարիր ԵԱՏՄէն եւ Ուաշինկթընի ու Պրիւքսէլի պատճառով, «որոնք միայն ներդրումներ եւ «լուսաւոր ապագայ» են խոստանան»։
«Մոսկուայի եւ Երեւանի յարաբերութիւնները ԵԱՏՄ շրջանակում հիմնուած են փոխշահաւէտ համագործակցութեան վրայ։ Փորձագէտ կամ քաղաքական գործիչ լինելու հարկ չկայ, որպէսզի երեւայ, որ միութիւնն ակնյայտ շահեկան է Երեւանի համար, դրա շնորհիւ է հիմնականում տնտեսական աճը Հայաստանում պատկառելի», ըսաւ Աղասանդեան։
Մեկնաբանելով ՆԱԹՕին եւ Եւորպական Միութեան մերձենալու՝ Երեւանի ջանքերուն՝ ան նշեց, որ Հայաստան «կուլ տուած է» Արեւմուտքի խայծը։
«Այս մօտեցումն արդէն քանիցս կիրառուել է յետ-խորհրդային տարածքում։ Իսկ թէ ինչ է ստացուել՝ բոլորս հիանալի գիտենք եւ տեսնում ենք», եզրակացուց Աղասանդեան։