11րդ անգամն ըլլալով, ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութիւնը պատանեկան ճամբար մը կը կազմակերպէ Լոռիի մարզական կեդրոնին՝ Վանաձոր մէջ: ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութեան 10 անդամներ գործուղուած են Վանաձոր: Անոնց միացած են ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութեան 7 ընկերներ:
Ճամբարին ընթացքին, Սփիւռքէն եկած երիտասարդները գիտելիքներ եւ հմտութիւններ կը փոխանցեն պատանիներուն, կը կազմակերպեն մրցումներ, խաղեր, կը սորվեցնեն ազգային երգեր եւ պարեր եւ կը կազմակերպեն զանազան նիւթերով բանախօսութիւններ՝ նպատակ ունենալով պատանիներուն մէջ ամրապնդել ազգային գաղափարախօսութիւնը եւ հայրենասիրութիւնը: Պատանիները կը ծանօթանան Դաշնակցութեան, Հայ Դատին եւ Արցախի ազատագրական պայքարի պատմութեան:


Այս տարուան ճամբարին կը մասնակցին առաւել քան 200 պատանիներ, որոնց մէկ մասը արցախցի պատանիներ են: Ճամբարի թեման Արցախն է: Խումբերը կը կոչուին Արցախի շրջաններուն անուններով, եւ իւրաքանչիւր խումբ ունի իր անունին համապատասխան կանչը:
Հինգշաբթի, 8 Օգոստոսին, ճամբարը այցելեցին Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Արմենուհի Կիւրեղեան, Քրիստինէ Վարդանեան եւ Գառնիկ Դանիէլեան: Անոնք պատանիներուն հետ զրուցեցին պայքարի մասին, թէ ի՛նչ է անիկա, եւ ինչու նախ մարդիկ, ապա ազգերը կը պայքարին: