Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը հաղորդագրութեան մը միջոցով տեղեկացուց, որ 7 Օգոստոսին այցելեց Ներքին Հանդ, «յաջող պարեկութիւն իրականացուց» Հայաստանի հարաւը գտնուող սահմանին վրայ:
Առաքելութիւնը գնահատեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին մարդասիրական եւ ապահովական իրավիճակը:
«Առաքելութեան ղեկավարը եւ խումբի անդամները հանդիպում ունեցան համայնքի ղեկավար Խաչատուր Բաղդասարեանի հետ: Ան ջերմօրէն ողջունեց մեզ գիւղին մէջ», կ՛ըսուի առաքելութեան «Էքս»ի էջին վրայ:
Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվյէ Տըքոթինյի անդրադարձաւ դիտորդներու առաքելութեան՝ ըսելով. «Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը կը շարունակէ իր պարեկութիւնը Ատրպէյճանի հետ ռազմական շփման գիծին վրայ: Եւրոպացի դիտորդներու ներկայութիւնը վստահութիւն կը ներշնչէ այս մեկուսացուած եւ խոցելի բնակչութեան: Առաքելութիւնը ապացոյց է այն իրականութեան, որ անոնք մոռցուած չեն աշխարհի կողմէ», գրած է Տըքոթինյի: