
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, համագործակցութեամբ «Together» հաստատութեան, 16, 17 եւ 18 Յուլիս ին, Քեսապի համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ եռօրեայ սեմինար մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցչական կազմերը եւ ուսուցիչներուն օժանդակող պատանիներ, գլխաւորութեամբ՝ կիրակնօրեայ դպրոցներու հոգեւոր պատասխանատուներու Եսայի վրդ. Էօրտէքեանի, Վազգէն Ա. քհնյ. Քէօշկէրեանի եւ Զարեհ քհնյ. Շաքարեանի։
Սեմինարի յայտագիրին նիւթերն էին՝ «Ճանչցիր անձդ», «Ի՞նչ կը նշանակէ աշակերտիլ», «Ներքին աճում», «Դաւիթ Եւ Գողիաթ» եւ «Առատաձեռնութիւն Ա. եւ Բ.», զորս ներկայացուց «Together» հաստատութեան Սուրիոյ պատասխանատու Յակոբ Յակոբեան։
Մասնակցողները զրոյցով եւ հաճելի խաղերով իրարու հետ հաղորդակցելու առիթը ունեցան։
Սեմինարին ընթացքին հայր սուրբը եւ քահանայ հայրերը կատարեցին խորհրդածութիւններ, որոնք նոյնպէս առիթ հանդիսացան հոգեւոր նիւթերու շուրջ խոկալու եւ ներքնապէս առաւել զօրանալու։
Մասնակցողները զանազան առիթներով շարականներ եւ կիրակնօրեայ դպրոցին մէջ երգուող հոգեւոր երգեր երգեցին։
Սեմինարին յայտագիրը ընդգրկեց նաեւ շրջապտոյտներ։ Մասնակցողները ճոպանուղիով շրջապտոյտ մը կատարեցին, ապա Գարատուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ ներկայ գտնուեցան եկեղեցական արարողութեան։ Անոնք այցելեցին նաեւ Գարատուրանի ծովը եւ վայելեցին Քեսապի բնութիւնը։
Եռօրեայ սեմինարի շահեկան յայտագիրով լիցքաւորուած մասնակցողները վերադարձան իրենց քաղաքները՝ վերանորոգ թափով շարունակելու իրենց վստահուած առաքելութիւնը։
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ»