
ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու գծով տեղակալ Ռոզմարի Տիքարլօ յայտարարեց, որ անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին, Միջին Արեւելքի մէջ արձանագրուած զանազան յարձակումները «վտանգաւոր մագլցում» կը ներկայացնեն եւ կոչ ուղղեց «հրթիռներու, անօդաչու թռչող սարքերու եւ այլ մահաբեր յարձակումներու ճամբով հաղորդակցութիւնները դադրեցնելու»:
Ան ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին Միջին Արեւելքի կացութեան, ներառեալ պաղեստինեան հարցին վերաբերեալ քննարկումի մը ընթացքին ներկայացուցած զեկուցումին մէջ անդրադարձաւ Պէյրութի մէջ իսրայէլեան յարձակումին, ինչպէս նաեւ գրաւեալ Կոլանի Մաժտալ Շամս գիւղին մէջ 12 մանուկներու մահուան եւ տասնեակներով ուրիշներու վիրաւորուելուն պատճառ դարձած դէպքին:
«Շտապ կարիք կայ դիւանագիտական ջանքերու` փոխելու համար ընթացքը եւ ձգտելու դէպի խաղաղութիւն ու շրջանային կայունութիւն ընթացքի», Տիքարլօ:
Ան վերահաստատեց ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարին` ի շահ շրջանային խաղաղութեան եւ բոլորին համար երկարատեւ կայունութեան շրջանային լարուածութիւնը մեղմացնելու ուղղութեամբ ժրաջան կերպով աշխատելու կոչը:
«Միջազգային ընտանիքը պէտք է միասնաբար աշխատի կանխարգիլելու որեւէ քայլ, որ տագնապը արագօրէն աւելի մեծ եւ լայնածաւալ կը դարձնէ», ըսաւ Տիքարլօ՝ աւելցնելով, որ կարիքը կայ դիւանագիտական արագ եւ ազդու աշխատանքի` նուազեցնելու համար շրջանային լարուածութիւնը, եւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը այս առումով վճռորոշ դերակատարութիւն ունի:
««Համաս» շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի սպանութիւնը հարուած է շարժումին եւ Իսրայէլի միջեւ Կազայի մէջ պահուող պատանդներու վերաբերեալ միջնորդութեան: Այս սադրիչ յարձակումը գործադրուեցաւ, մինչ «Համաս»ի ղեկավարը պաշտօնական հրաւէրով կը գտնուէր Իրան` մասնակցելու համար Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նորընտիր նախագահին երդման արարողութեան: Այդ քաղաքական ահաբեկչութեան ետին կանգնողները պէտք էր գիտակցէին ամբողջ շրջանին վրայ այդ արարքին հաւանական վտանգին տարողութիւնը: Նախ եւ առաջ վտանգաւոր հարուած հասցուեցաւ «Համաս»ի եւ Իսրայէլի միջեւ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման բանակցութիւններուն, որոնց ուղղակի մասնակից էր Իսմայիլ Հանիէն», յայտնեց ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Ռուսիոյ ներկայացուցիչի առաջին տեղակալ Տմիթրի Փոլիանսքի:
ՄԱԿ- Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչի տեղակալ Ռապըրթ Ուոտ իր կարգին յայտնեց, որ Իսրայէլ իրաւունքը ունի ինքզինք «Հըզպալլա»էն եւ «Համաս»էն պաշտպանելու:
«Հըզպալլան շրջանին մէջ միակ խմբաւորումը չէ, որ կը վայելէ Իրանի աջակցութիւնը, որովհետեւ հուսիները միջազգային օրէնքը կը խախտեն նաւերու վրայ յարձակումներ շղթայազերծելով», ըսաւ Ուոտ` Իրանին կոչ ուղղելով «յարգելու Ապահովութեան խորհուրդին որոշումները»: