
ԵՈՒՆԵՍՔՕի Համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէի 46րդ նստաշրջանին ընթացքին քննարկուեցաւ եւ հաւանութեան արժանացաւ Հայաստանի կողմէ ներկայացուած դիմումը` Հայաստանի Հանրապետութեան Արագածոտնի մարզի Տիրինկատար հնավայրի վիշապաքարերը եւ մշակութային տարածքը ԵՈՒՆԵՍՔՕի համաշխարհային ժառանգութեան նախնական ցանկին վրայ ընդգրկելու:
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն յայտնեցին, որ նստաշրջանը տեղի կ՛ունենայ Հնդկաստանի մայրաքաղաք Նիւ Տելhիի մէջ, 20էն 30 Յուլիսին: Նախարարութենէն կը մասնակցի Պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձաններու պահպանութեան վարչութեան պետ Յարութիւն Վանեան։
Ասիկա ԵՈՒՆԵՍՔՕի համաշխարհային ժառանգութեան նախնական ցանկին վրայ Հայաստանի կողմէ արձանագրուած 5րդ յայտն է: Առաջին 4ը՝ Դուին քաղաքի հնավայրը, Երերոյքի տաճարը եւ հնավայրը, Նորավանքը եւ Ամաղիի գետի վերին հովիտը, Տաթեւի վանքը, Տաթեւի անապատը եւ Որոտան գետի հովիտի յարակից տարածքները, արձանագրուած են 1995ին։
Ցանկերուն կարելի է ծանօթանալ կայքէջին վրայ:
ԵՈՒՆԵՍՔՕի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին վրայ Հայաստանէն արձանագրուած են Սանահինի եւ Հաղպատի վանքերը, Էջմիածնի Մայր տաճարը, եկեղեցիները, Զուարթնոց հնավայրը, Գեղարդի վանքը եւ Ազատ գետի վերին հովիտը: