Ուրբաթ գաղջ յետմիջօրէ մըն էր երբ «Մարի Քալենտըր»ի կլէնտէյլեան իր թաքստոցը հանդիպեցայ Պօղոս Գուբելեանին։ Ճաշարանին կից գինետունը խորհրդաւորութիւն մը կը տիրէր կիսամութին մէջէն նորեկին աչքը շոյող կանանչ գոյնի իր կաշեպատ կահոյքին պատճառով։ – Այս տեղը ինծի անգլիական հին «փապ»երու մթնոլորտը կը յիշեցնէ,- արդարացաւ Գուբելեան։ Ատոր համար ալ իր նախընտրած հանդիպման վայրն է։
Անգամ մը որ տեղաւորուեցանք, ալ պէտք չունեցայ հարցումներուս ցանկը նայելու։ Այնպիսի դիւրին հաղորդականութեամբ ընթացաւ մեր զրոյցը եւ այնպիսի տարբեր նիւթեր շօշափեցինք, Լիբանան իր մանկութենէն մինչեւ հոլիվուտեան պատկերացումը՝ ափրիկեան ենթահողով շարժապատկերներու։ Ուղղակի կախարդուած գտայ ինքզինքս, երբ անիկա անդրադարձաւ այն եղելութիւններուն, որոնք իր գրական պատկառելի գործունէութիւնը խթանեցին։
Գրական իր առաջին քայլերը կը պարտի իր ծնողաց։ «Մայրս պատումի վարպետ էր։ Հաճոյքի համար ան սուրճի գաւաթ կը կարդար եւ կրնար հատոր մը գրել իր այդ օրուան զոհին մասին։ Հայրս երաժշտագէտ էր, պատերազմի դժուարին տարիներուն, դիւրաւ կրնար օրուան հացը մոռնալ, սակայն երբեք՝ իր օրաթերթը։ Գուբելեան, մատը օդին մէջ ճօճելով կրկնեց. – Եւ երբե՛ք, հայերէն իր լրագիրը՝ «Ազդա՛կ»ը։
Մինչեւ տասը տաեկան, Գուբելեան հայերէն չէր գիտեր։ Արաբական վարժարան յաճախելով, աւելի շուտ արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով սկսաւ կարդալ, քան տող մը հայերէն։ Հայերէն միակ նախադասութիւնը, զոր կրնար արտասանել, կիրակնօրեայ վարժարանին տուածն էր՝ «Մենք կ’ուզենք հրեշտակ մ’ըլլալ»։ Յիսուսեան հայրերու Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանը յաճախելէ ետք հայերէն սորվեցաւ։ – Հայերէն լեզուն իմ առաջին սէրս հանդիսացաւ», հառաչեց ան։ – Երկուորեակ եղբայրս ու ես սկսանք կռուիլ, թէ ո՞վ պիտի ըլլար «Ազդակ»ը առաջին կարդացողը։
Թէեւ հայ լեզուի սէրն էր զինք գրականութեան մօտեցնողը, սակայն իր պատմուածքներու մէջ հնչող տիրական զգացումը իր կերպարներուն մարդկայնութիւնն է։ Այդ գիծը շեշտուած է իր կերպարներուն մէջ, քանի որ ինք հեղինակը գերզգայուն անձնաւորութիւն մըն է եւ երբեմն ինքն ալ գտնուած է դիմացինէն ազնուութիւն ստացողի եւ գնահատողի հոգեվիճակին մէջ։
Մանկութեան մասին խօսած մէկ պահուն, անոր ձայնը յանկարծ թրթռաց յուզումէն։ Յիշատակի փշուր մը, որ ժամանակին խորապէս ազդած էր մանուկ հոգիին վրան եւ դեռ այսօր ալ ի զօրու էր։ Սամի Կարոյի մասին էր, վարսայարդար մը, որ հայերէն գիրքեր վարձու կու տար Հաճըն թաղի իր վարսավիրանոցէն։
Անչափահաս Գուբելեան, տօնական օրերու իր գրպանի ծախսով, գիրքեր կը վարձէ Սամի Կարոյին գրադարանէն։ Անգամ մը, 400 էջնոց ռոմանթիք վէպ մը չորս օրէն կարդալէն ետք, վարսավիրանոց կը վերադառնայ ծանր հոգիով։ Երբ խանութ կը մտնէ, Սամի Կարօ պատի հայելիին մէջէն տհաճ արտայայտութեամբ մը զինք կը դիմաւորէ եւ յանկարծ կը դադրեցնէ թաւամազ հայ յաճախորդ մը ածիլելու իր փորձը։
«Չոփ չոր հարց տուաւ, թէ իր ընտրած վէպը չսիրեցի՞»,
«Ո՛չ պարոն Կարօ, ըսի, ընդհակառակը այնքան հետաքրքրական էր, որ ժամանակէն առաջ կարդացի վերջացուցի։»
«Մօտեցաւ եւ փաղաքշական ապտակ մը տուաւ ինծի եւ նոր հատոր մը երկարեց.- Ասիկա ալ իմ հաշւոյս կարդա… ըսաւ»։ Գուբելեանին վրայ սափրիչ Սամի Կարոյին ազնուութիւնը այնպիսի խոր տպաւորութիւն գործեց, որ նոյնիսկ այդ աննշան համարուած դէպքին յիշատակումը անոր աչքերէն արցունքի կաթիլներ սահեցնել տուաւ։ – Գրասէր մեր սերունդին համար կուռք մըն էր ան, Մաշտոցի մարմնացո՛ւմը,- ըսաւ Գուբելեան եւ աչքերը չորցուց։
Սակայն Գուբելեան կը հաստատէ, թէ զինք գրելու մղող ճակատագրական առաջին դէպքը 17ի սեմին պատահեցաւ։ «Գործի միջոցին պատահած արկածի մը պատճառաւ, մէջքս լրջօրէն ցաւցուցած ըլլալով, աշխատանոցէն վերադարձիս, կռնակի վրայ կ’երկննայի եւ ժամերով կը կարդայի։ Ընկերային կեանք գրեթէ չունէի։ Ընթերցումը փրկարար հանդիսացաւ կեանքիս այդ հանգրուանին»։
Բեկումնային երկրորդ դէպքը Ափրիկէ իր մեկնումը հանդիսացաւ։
ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՆՊԱՅՄԱՆ ԱՓՐԻԿԷ…
«Գրեթէ ամէն ոք նոյն հարցումը կու տայ»։ Գուբելեան թեթեւօրէն կը ծիծաղի եւ հեւքով մը կաշեպատ նստարանին կը կռթնի։
Ափրիկէն կը յայտնաբերէ աշխարհագրութեան գրքերէն եւ դրոշմաթուղթերու իր հաւաքածոյէն։ Սակայն Սեւ ցամաքամասին հետ իր մտերմութիւնը ամրապնդողը ինքնին Թարզա՛նը կը հանդիսանայ։ Այնպէս մը կը ստացուի, որ Թարզանն ու իր տարաշխարհիկ ժապաւէնները Գուբելեանի արկածախնդիր ընկերները մղեցին, որ իրենց անձնական գոյքերը վաճառելով Ափրիկէ փախչին։ Անիկա ինչպէս կը հաստատէ՝ իր կտրիճ ընկերները կը վերադառնան… հազիւ մութը կոխած։ Փառաւոր ծեծէ մը ետք, թաղային ենթամշակոյթին մէջ «ափրիկեցի»ի մակդիրին կ’արժանանան անոնք։ Սակայն այդ թուականէն գրեթէ տասը տարի յետոյ, Գուբելեանին պիտի վիճակուէր ափրիկեան իր երազը իրագործել։
«Ելքի տոմս մըն էր պատերազմի արհաւիրքէն ետք տիրող համընդանուր չքաւորութենէն եւ ինչու չէ նաեւ՝ լիբանանեան կեթթոյէն», կ’ըսէ Գուբելեան, Լիպերիա ու ապա՝ Սիերրա Լիոնէ իր տեղափոխութեան մասին։ Մեկնումին գիշերը, բարեկամներ ու ազգականներ հաւաքուած էին իրենց տունը ողջերթ-ընթրիքի։ «Մեր ջերմ բարեկամը, բանաստեղծ հրապարակագիր Հրաչ Քաջարենց, բաժակը բարձացուց ու «բարով երթաս», ըսաւ, գնա՛ եւ Ափրիկէն մատուցէ հայ գրականութեան։ Համոզուած եմ որ կրնաս…»
Նշանակալից կենաց-մաղթանք մը, որ իր գրական ուղին պիտի կոփէր։
ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԳՐՈՂԸ…
Ընդունուած իրողութիւն է, թէ Գուբելեան սփիւռքահայ գրողներու շարքին առաջիններէն հանդիսացաւ ոչ միայն Ափրիկէն հայ գրականութեան մէջ ներմուծելու իր ճիգով, այլ նաեւ արկածախնդրական ժանրը։
«Ժամանակ առաւ մինչեւ որ ափրիկեան բնանկարն եւ իրականութիւնը զգամ ոտքերուս տակ, ըսաւ ան ու շարունակեց իր խորհրդածութիւնները. – Մեծ, շատ մեծ գրողներ ափրիկեան ենթահողը գործածեցին իրենց հուժկու գործերուն մէջ, ինչպէս՝ Հէմինկուէյ, Քոնրատ, Ժիտ եւ Կրահամ Կրին, սակայն անոնց գործերուն մէջ ափրիկեցին յաճախ պարպուած է իր մարդկայնութենէն, անիկա զարդի, տեղական «քոլորիտ»ի, «տեքոր»ի եւ «ֆիկիւրան»ի վերածուած ու չարաշահուած է ընդհանրապէս։
Ափրիկէ իր առաջին գիշերը, կը վերյիշէ Գուբելեան, բնիկները խարոյկ վառեցին ու թամ-թամի կշռոյթով կիսամերկ պարեցին մինչեւ առաւօտեան ժամերը… «Եարտ» կոչուող բակի մը կը բացուէին անոնց հողաշէն խրճիթները։ Եթէ անոնցմէ ոեւէ մէկը հիւանդանար կամ գործազուրկ դառնար, դրացիները օգնութեան հասնելով կը հոգային ու կը կերակրէին զայն։ Իրարու հետ կը բաժնէին այն քիչը, որ ունէին։
Ու Գուբելեան շուտով անդրադարձաւ, թէ այն, ինչ որ օտարները իրենց մերկ աչքերով կը տեսնեն, իսկական Ափրիկէն չէր։ Բուն Ափրիկէն թաքնուած էր ահարկու բուսականութեան խտութեան ետին, անոր հասնելու համար պիտի կարենայիր թափանցել անտառին սի՛րտը։ «Կ’ուզէի հասնիլ ու հպիլ վարագոյրի ետին պահուած ճշմարտութեան, անտառին սրտէն փրցնել գրական էջերս ու տարաշխարհիկ պատումներս»։
Բնիկներուն հետ կողք կողքի ապրելով նոյն հողին վրայ, Գուբելեան կարողացաւ խորապէս զգալ անոնց մարդկայնութիւնը՝ նախքան հայերէն տարազ փնտռելու-հագցնելու զգացմունքները։ Բայց անոր այդ փորձը հոն կանգ չառաւ։
«Լիպերիա իմ առաջին տարին աղէտալի դարձաւ», կը վերյիշէ։ Իր ասպարէզին մէջ առաջին հայն էր եւ Գուբելեան իր գործատիրոջ հանդէպ զգացած արգահատանքը կը փորձէ բառերու վերածել… նուազագոյնը ըսած ըլլալու համար, անիկա յաճախ կը ձգձգէր մեր ռոճիկը ժամանակին վճարել»։
Երբ դեռ զրուցակիցս կը համենար առաջին շրջանի իր դժուարութիւններու վրայ, մտովին կապուեցաւ ուրիշ իրադրութեան մը։ Երբ անոր գրպանի պարունակութիւնը կը հատնի եւ ոչինչ կը մնայ առօրեայ իր վերապրումին սատարող պանանի եւ խարկուած պիստակի նուազագոյն սննդանիւթը ապահովելու, Գուբելեան կ’որոշէ ինքզինք սովի մատնել։
Դեռատի բնիկ աղջիկ մը, որ իր գլխու ափսէէն ծնողացը ապրուստը կ’ապահովէր, կը զգայ իր յաճախորդին տուայտանքը, «նօթի բայց հպարտ» անոր էութիւնը եւ հակառակ հայուն արհամարհանքին, կը հոգայ անոր առօրեայ սնունդը։ «Եւ յաջողեցաւ զիս ողջ պահել», ըսաւ։ «Ինչպիսի ազնիւ հոգի մը էր… այդ պահուն զգացի թէ ափրիկեցիին տառապանքը շարունակութիւնն է գաղթական տղեկիս, մանկութեան օրերուս բաժին ինկածին…»
ՀԱՄԱՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԹԵՄԱՆԵՐ…
«Բնականօրէն, ափրիկեցին ինքզինք մօտ կը զգայ բոլոր անոնց, որոնք նոյնանման փորձառութիւններու բովէն անցած են եւ իրենց կարգին բիւր տառապանքներ ճաշակած», կ’ըսէ ան բացայայտելով, որ հոն գտնուած քսան տարիներու ընթացքին, ինչո՞ւ ինքզինք բնաւ դրսեցիի հոգեբանութեամբ շարժող օտարական չզգաց։ Երկու մշակոյթներն ալ երկար դարերով ապրած ըլլալով գաղութատիրութեան մականին տակ, ճաշակեցին նոյն տմարդի վերաբերումը։ Եւ դեռ մարդկային այս փոխյարաբերութիւնները լաւագոյնս կը հնչեցուին վերջերս թարգմանուած «Ափրիկեան համանուագ» վերտառութեամբ պատմուածքներու իր անգլերէն հատորին մէջ։
Երբ այլեւս պատրաստ էր մատչելու ափրիկեան փորձառութիւններուն, Գուբելեան իր ուշադրութիւնը առաւելաբար կեդրոնացուց Սեւ ցամաքամասը յուզող ընկերային հարցերու, փոխանակ նստելով զինք շրջապատող տարաշխարհիկ ճոխ բնութեան նկարագրութիւնը կատարելու եւ բառերու հրավառութեամբ զբաղելու։
Երբ ընկերային ցայտուն հարցերը կը դառնան կեդրոնական թեման, հոն գրագէտի ու անուսի բաժանում չի կատարեր անտառը։ Բոլորն ալ նոյն մակարդակի վրայ են։ Գուբելեանին կատարածը՝ յայտնաբերել էր իւրաքանչիւրին մօտ արմատացած մարդկայնութիւնը, նաե՛ւ տառապանքը։
«Ամէնէն դժուար պատմուածքներէն մէկը որ գրեցի «Սեւ աղջկան ճերմակ սէրը»ն էր…»
Կարճ ասած, այդ կտորը պատմութիւնն է Փարիզ ուսանած ափրիկեցի գեղուհիի մը, որ ուխտած է սեփ-սեւ թոռնիկ մը շնորհել մահամերձ հօրը։ Եւ այդ մէկը կը թարգմանուի՝ ամուսնութեան մէջ մտնել իրեն բոլորովին անդուր սեւամորթ տղու մը հետ, քանի որ հին յունարէնի մասնագէտ իր հայրը ծաղր ու ծանակի կ’ենթարկուի իր հայրենակիցներէն, խառն ամուսնութեան ծնունդ իր թոռներուն պատճառով։ Եւ ճակատագրի մէկ դառն խաղով ի յայտ կու գայ, թէ սեւ գեղուհին ամուլ է։ Երիտասարդ կնոջ կողմէն յօրինուած սուտը հօրը հանդէպ անոր ունեցած սահմանազանց սիրոյն ապացոյցն է։ Մեր կեանքի ընթացքին քանի-քանի անգամներ ստած ենք հիասթափութեան ստուերը հեռացնելու համար մեր ծնողներուն աչքերէն։ Այսպիսի հիմնահարցերն են, որ Գուբելեանի գործերուն մէջ կը ջնջեն գոյներու պատուարը։ Այլեւս այս հիմնահարցերը սեւի կամ սպիտակի յատուկ խնդիրներ չեն, այլ մարդկութիւնը տագնապեցնող երեւոյթներ։
Պատմուածքներու այս հաւաքածոյի պարագային հետաքրքրական երեւոյթ մըն ալ սեռային անպաճոյճ պահերու բնութագրումն է, հիւսուած՝ հեշտասէր զգայնութեամբ։ Հայերէն երկի մը համար անակնկալ բարեմասնութիւն։
«Գտնուեցան կեղծ բարոյագէտներ, որոնք չկրցան մարսել ափրիկեան բաց սեռայնութիւնը պատկերելու երիտասարդական իմ անկեղծ ճիգերս եւ յանդգնութիւնս», յարեց Գուբելեան։ «Այն եզրակացութեան հասած եմ, որ մեր քիչ մը շատ կոճկուած բառամթերքն ու կիրարկած տիրացուական ոճը երիտասարդ ընթերցողը կը մղեն բոլորովին նոր ու օտար արօտատեղիներ որոնելու։ Հայը տաքարիւն, կրքոտ սիրահար մըն է եւ դիւրագրգիռ։ Մեր գրականութեան մէջ շատ հազուադէպօրէն կը հանդիպիս այդ հոգեվիճակներու»։
Գուբելեանի արձակին մէջ նկարագրուած սեռայնութիւնը անգլիական իր թարգմանութեան մէջ ոչ հնամաշ է եւ ոչ ալ կոպիտ։ Սակայն երբեմն անոնց կը պակսի ռոմանթիք զգայականութիւնը, զորս սիրային ցայտուն բառերը կը ստեղծեն։ Մարդ ակամայ պիտի տարուէր հարց տալու՝ թէ արդեօք այդ մէկը կորսուա՞ծ է թարգմանութեան ծերպերուն մէջ։
«Ափրիկեան համանուագ»ի թարգմանութեան ծրագրին իրագործումը 20 տարի պահանջեց եւ Լա Վըրն համալսարանի հայկական բաժնի հիմնադիր դոկտ. Սարաֆեանի գաղափարն էր։ Դոկտ. Սարաֆեանի մահով ծրագիրը ձգձգուեցաւ։ Վերջին թարգմանութիւնը կատարեց Իշխան Ճինպաշեան եւ հատորը այժմ կարելի է ձեռք ձգել հայ եւ օտար յայտնի գրախանութներէն։
Ներկայիս, Գուբելեան կ’աշխատի քանի մը ծրագիրներու վրայ միանգամայն։ «Փտախտ» եւ «Փասփորթ» վէպերուն անգլերէն թարգմանութիւնը։ Ան ձեռնարկած է երգիծական ու մանկապատանեկան հատորներու պատրաստութեան։ Ունի նաեւ անտիպ վէպեր՝ «Այն միւս փողոցը» եւ «Ֆրիվէյ»ի երկրորդ հատորը։ Հրատարակութեան պատրաստ են անոր հրապարակագրական եւ փորձագրական «Ճշմարտութեան փնտռտուքով» խորագրուած հատորները։
Գուբելեան լրջօրէն կը մտածէ համացանցի կայքէջով հանրութեան սեփականութիւնը դարձնել իր անտիպ գործերը։