Շաբաթ օր, Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ, Միացեալ Նահանգներու նախագահի հանրապետական հաւանական թեկնածու Տանըլտ Թրամփ Փենսիլվենիա նահանգի Պաթլըր քաղաքին մէջ, ընտրական հաւաքի մը ընթացքին աջ ականջէն վիրաւորուեցաւ, երբ 20ամեայ զինեալ մը մօտակայ շէնքի մը տանիքէն անոր վրայ կրակ բացաւ:
Թրամփի թիկնապահական ծառայութիւնը յայտնեց, որ զինեալը եւ ներկաներէն մէկը սպաննուեցան, իսկ երկու այլ հաւաքին մասնակցողներ ծանրօրէն վիրաւորուեցան:
«Էֆ.Պի.Այ.»ը հաստատեց, որ տեղի ունեցածը մահափորձ էր` աւելցնելով, որ մահափորձին հեղինակը` Փենսիլվենիայէն Թամըս Մեթիու Քրուքս, թիկնապահներուն կողմէ սպաննուեցաւ: Քրուքս թէեւ մահափորձէն առաջ տեսաուղերձ մը հրապարակելով՝ յայտարարած էր, որ Թրամփին կ՛ատէ, «Ռոյթըրզ»ը, «Պի.Պի.Սի.»ն եւ «Ուաշինկթըն Փոսթ»ը հաղորդեցին, որ ան ընտրական ցանկերուն վրայ Հանրապետական կուսակցութեան քուէարկող էր: «Էֆ.Պի.Այ.»ը աշխատանք կը տանի բացայայտելու անոր քայլին դրդապատճառը:
Մահափորձը տեղի ունեցաւ Հանրապետական կուսակցութեան ընդհանուր ժողովի նախօրեակին: Կը նախատեսուի, որ ընդհանուր ժողովը Թրամփը ընտրէ՝ իբրեւ Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու:
Ամերիկեան լրատուամիջոցներու նախնական հաղորդագրութիւնները ցոյց կու տան, թէ նախագահական ընտրութեան ընթացքին Թրամփի յաղթանակի հաւանականութեան ցուցանիշը այժմ կը մօտենայ 70 առ հարիւրի:
Թրամփ մահափորձէն ետք ընկերային ցանցերու վրայ գրառում կատարելով՝ յայտնեց, որ «միայն Աստուած էր, որ անմտածելին կանխարգիլեց»` աւելցնելով. «Պիտի չվախնանք: Այս պահուն, առաւել քան երբեք, միասնական մնալը եւ իբրեւ ամերիկացիներ մեր իսկական նկարագիրը ցոյց տալը, ուժեղ եւ վճռական մնալը, եւ չարիքին յաղթանակը չարտօնելը կարեւոր են»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն դատապարտեց Թրամփի դէմ մահափորձը` յայտնելով. «Ուրախ եմ լսելու, որ ան ապահով է եւ ինքզինք լաւ կը զգայ: Ես կ՛աղօթեմ անոր եւ անոր ընտանիքին համար: Երախտապարտ ենք Գաղտնի ծառայութեան` զինք փրկելուն համար: Ամերիկայի մէջ այսպիսի բռնութեան տեղ չկայ: Մեր ժողովուրդը պէտք է միաւորուի զայն դատապարտելու համար»: