Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Իրանի նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանի հետ: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի վարչապետի բանբեր Նազելի Բաղդասարեան` «Ֆէյսպուք»ի վրայ կատարած իր գրառումով։
Փաշինեան Փեզեշքեանը շնորհաւորեց ընտրութիւններուն տարած յաղթանակին առիթով եւ արդիւնաւէտ պաշտօնավարութիւն մաղթեց անոր:
Զրուցակիցները վերահաստատեցին իրենց հաւատարմութիւնը նախապէս միջպետական մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն: Անոնք համաձայնեցան յարմար առիթի մը հանդիպիլ։