
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետներ Ֆրենք Փալոնի, Կաս Պիլիրաքիսի, Էտըմ Շիֆի եւ Տէյվիտ Վալատաոյի 9 Յուլիսի միացեալ յայտարարութիւնը, որուն մէջ նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին կոչ կը կատարուի՝ պատասխանատուութեան ենթարկելու Պաքուն՝ Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղային զտումներուն համար, ինչպէս նաեւ նպաստելու Արցախի հայերուն վերադարձին եւ աջակցելու Հայաստանի ինքնիշխանութեան, Ատրպէյճանի շարունակական սպառնալիքներուն եւ ոտնձգութիւններու պայմաններուն մէջ։
Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին յայտարարութիւնը կատարուեցաւ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցող ՆԱԹՕի գերաստիճանին բացման օրը, կոչ ընելով Պայտընի վարչակազմին՝ «մղելու Ատրպէյճանը առերեսուելու իր արարքներուն հետեւանքներուն հետ եւ ոչ թէ վարձատրուի իր ռազմական յանցագործութիւններուն, մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղէն առաւել քան 120,000 հայերու ցեղային զտումին համար»:
Հոն նաեւ կը նշուի, որ Ամերիկայի իշխանութիւնները պէտք է աջակցին Հայաստանի ինքնիշխանութեան, մերժելով Պաքուի յարձակողապաշտ պահանջները։ «Այս կը նշանակէ՝ դադարեցնել ռազմական օգնութիւնը Ատրպէյճանին եւ պատժամիջոցներ կիրառել չարաշահումներու համար պատասխանատու պաշտօնատարներուն դէմ», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:
Կոչը կ՛եզրափակուի՝ նշելով. «Մինչ ղեկավարները կը հաւաքուին ՆԱԹՕի գերաստիճանին համար, Պայտընի վարչակազմը պէտք է երաշխաւորէ, որ Ատրպէյճան հետեւի միջազգային օրէնքներուն, ներառեալ՝ հայ ռազմագերիներուն վերադարձը, մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու տուն վերադառնալու իրաւունքը՝ միջազգային երաշխիքներու տակ։ Պատասխանատուութիւնը շատ կարեւոր է Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան համար»:
Մեկնաբանելով քոնկրեսականներուն նախաձեռնութիւնը՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ըսաւ հետեւեալը․ «Մեր համայնքը, գործընկերները եւ Քոնկրեսի մեր դաշնակիցները միացած են Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու գաղափարին շուրջ։ Նախագահ Պայտըն, որ Ատրպէյճանը զինելով՝ նպաստեց Արցախի ցեղասպանութեան, այժմ պէտք է ղեկավարէ Արցախի հայերուն ապահով վերադարձի համաշխարհային արշաւը՝ միջազգային հսկողութեան տակ, պաշտպանուած՝ միջազգային խաղաղապահներով»: