ՓԱՐԻԶ, «Նոյեան Տապան».- «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ ամէնամեայ թելեթոնի կազմակերպչական աշխատանքներուն մասնակեցելու նպատակով ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան այս օրերուն Ֆրանսա կ’այցելէ:
ԼՂՀ նախագահի գրասենեակը հաղորդեց, թէ Նոյեմբեր 6ին Փարիզի մէջ, Բակօ Սահակեան հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէի հետ: Անոնք քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հարցի ներկայ փուլին ու հեռանկարներուն առնչուող հարցեր:
Նոյն օրը ԼՂՀ նախագահը Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ մայր տաճարի ընդունելութեան դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցած է Փարիզի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, ուր ան ներկայացուցած է Արցախի ներքաղաքական, ընկերային-տնտեսական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ ղարաբաղեան հարցին վերաբերող հարցեր: Անդրադառնալով Արցախ-Սփիւռք յարաբերութիւններու ընդլայնման եւ խորացման անհրաժեշտութեան, Բակօ Սահակեան ընդգծած է Ֆրանսայի հայ համայնքի դերը եւրոպական կառոյցներուն հետ աշխատանքին, ինչպէս նաեւ Արցախի մշակութային կեանքին մէջ:
Հանդիպման մասնակցած են նաեւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Էտուարտ Նալբանդեան, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Վահէ Աղաբէկեանց եւ հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղի ղեկավար Պետրոս Թերզեան: