Կիրակի, 30 Յունիսին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան Հոգեգալստեան տօնին առիթով Մոնթեպելլօ իր անդրանիկ այցելութիւնը տալով, Ս. պատարագ մատոյց Ս. Խաչ Մայր տաճարին մէջ, քարոզեց եւ յընթացս արարողութեան կատարեց Հայրապետական մաղթանք՝ նշելով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 29րդ տարեդարձը:
Ս. խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, հոգեւոր hովիւ Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան, սարկաւագներ, դպիրներ եւ երգչախումբը:
Սրբազան հայրը Շարակնոցէն վերցուց տօնին պատշաճ բնաբան մը՝ ըսելով. «Աշակերտներ Քրիստոսի, որ առաքուեցաք աշխարհի բոլոր կողմերը, բարեխօսեցէք Տիրոջ մօտ մեզի համար: Դուք որ պատուէր ստացաք՝ առանց վախի կեանքի խօսքը քարոզելու, բարեխօսեցէք Տիրոջ մօտ մեզի համար: Դուք որ արժանի եղաք մարմնով տեսնելու Աստուծոյ Որդին յայտնապէս, բարեխօսեցէք Տիրոջ մօտ մեզի համար», միաժամանակ նշելով, որ Քրիստոսի 12 առաքեալներուն, առաւել՝ 13րդին՝ Պօղոս առաքեալի տօնը կատարեցինք երէկ, Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն: Մեկնելով «առաքեալ» բառէն, Գեղամ արքեպիսկոպոսը բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս Յիսուս ընտրեց իր 12 աշակերտները, երեք տարի ուսոյց անոնց երկնային պատուիրանները եւ երբ ժամը հասաւ՝ Ս. Հոգիէն իրենց տրուած իշխանութեամբ, անոնք վկաները հանդիսացան Քրիստոսի Աւետարանին աշխարհի չորս ծագերուն:
Առաջնորդը աւելցուց, որ առաքեալները ո՛ւր որ գացին եկեղեցիներ շինեցին, Աստուծոյ խօսքը քարոզեցին եւ նահատակուեցան: Այդ եկեղեցիները առաքելական են, մէկը անոնցմէ՝ Հայց. Առաքելական եկեղեցին է, որ Հայաստանի մէջ հիմնուեցաւ Քրիստոսի աշակերտներէն Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալներուն կողմէ՝ շեշտելով, որ քրիստոնեայ աշխարհին մէջ առաքելականութիւնը պատմական աւանդ է, իսկ Հայ եկեղեցին անաղարտ պահած է զայն մինչեւ այսօր եւ թէ մեր պարտականութիւնն է՝ գիտակից հաւատարմութեամբ տէր կանգնիլ մեզի շնորհուած աւանդին եւ զայն փոխանցել սերունդէ սերունդ:
Յընթացս արարողութեան, կատարուեցաւ նաեւ Հայրապետական մաղթանք: Առաջնորդը եւ հոգեւոր հայրերը յատուկ շարականի երգեցողութեամբ եւ աստուածաշնչական ընթերցումներով, աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած՝ Արամ Ա. հայրապետին մաղթելով առողջ, կանաչ տարիներ եւ արդիւնաւէտ ծառայութիւն՝ Կիլիկեան աթոռի գահակալ ընտրութեան եւ կաթողիկոս օծման 29րդ տարեդարձին առիթով:
Հուսկ, սրբազանը նախագահեց Մոնթեպելլոյի համայնքին իր անդրանիկ այցելութեան ի պատիւ կազմակերպուած սիրոյ սեղանին, հաց կիսեց համայնքի հոգեւոր եւ աշխարհիկ պատասխանատուներու եւ հաւատացեալներու հետ, ապա հատեց բարի գալուստի կարկանդակը: