Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ դարձեալ լուսարձակի տակ առաւ իրենց պահանջը՝ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը, զոր խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման համար պայման նկատեց։
«Ներկայիս Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բանակցութիւնները կ՛ընթանան երկկողմ հիմքերով, եւ անիկա լաւ արդիւնք կը բերէ: Կողմերը խաղաղութեան պայմանագիր չեն ստորագրեր, բայց արդէն իրականացուցած են սահմանազատում», ըսաւ Ալիեւ՝ աւելցնելով. «Պաքու եւ Երեւան խաղաղութեան պայմանագիրի հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ կրնան համաձայնութեան գալ քանի մը ամսուան ընթացքին։ Իբրեւ տարբերակ կարելի է համաձայնեցուած հիմնարար սկզբունքները նախաստորագրել, ապա աշխատիլ բնագիրին վրայ»։