
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ
Երկար սպասումներէ ետք, հանրածանօթ «Զարմանազան» հայերէնի ճամբարը հասաւ Քալիֆորնիա եւ սկսաւ իր աշխատանքներուն, Քալիֆորնիոյ Ֆրէյժըր անտառին մէջ։
Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, գործակցաբար «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան՝ հիմը դրաւ «Զարմանազան Քալիֆորնիա»ին, որ հանգիստ միջավայր մըն է հայերէնը հայ պատանիներուն մօտ աշխուժացնելու եւ առօրեայ ազատ ու անկաշկանդ գործածութեան առիթ տալու համար։
Երեսուն պատանիներ եւ պարմանուհիներ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջաններէ քով քովի հաւաքուած են՝ 21 օրեր ապրելու եւ ստեղծագործելու միայն հայերէնով։ 10էն 17 տարեկան մասնակցողները «Զարմանազան» ճամբարին մէջ կը վայելեն հայկական «գիւղ»ի մը մէջ ապրելու հաճոյքը եւ փորձառութիւնը։ Անոնք իրենց մանկական կամ պատանեկան քաղցր յիշողութեամբ՝ կ՛ապրին հաճոյք մը եւ իրենց անկաշկանդ խօսքերով առաջին օրերէն իսկ կը վկայեն՝ ըսելով. «Չեմ ուզեր «Զարմանազան»ը վերջանայ», կամ. «Հիմա պիտի քնանամ եւ երազիս մէջ բոլոր այսօրուան եղածները նորէն պիտի տեսնեմ, որովհետեւ այսօր շատ աղուոր օր մըն էր»։


Սփիւռքի մէջ ապրելով, մենք մեր առօրեան շատ յաճախ կը վարենք տեղական տիրող լեզուով, լիիրաւ ապրելու եւ գոյատեւելու համար տեղւոյն միջավայրին մէջ։ Սակայն, այս իրականութիւնը մեզ ակամայ զրկած է առօրեայ գործածութենէն բազմաթիւ անհրաժեշտ բառերու, որոնց կարիքը չենք զգար մեր մասնագիտական կամ սովորական յարաբերութիւններուն մէջ։ Հետեւաբար, «Զարմանազան»ը կը միտի հայերէնը իր հարուստ բառամթերքով կեանքի բերել եւ մշտական գործածութեան բոլոր անհրաժեշտ հնարաւորութիւնները ստեղծել, որպէսզի հայ պատանիները սկսին իրենց լեզուն գործածել ու անորմով աւելի ինքնավստահ ապրին ու ստեղծագործեն։ Դիւրին չէ միայն խօսքով հայ լեզուի գործածութեան դիմաց, մեր առօրեայ պայմաններէն բխած, մե՛ր իսկ ստեղծած պատերը վար առնելը։
Սփիւռքը ունի իւրայատուկ խճանկար մը. այդ խճանկարին մէջ մենք կրնանք մեր ինքնութեան խարիսխները եւ հիմնաքարերը ամրապնդել։ Իսկ լեզուն ինքնութեան հիմնական գրաւականներէն մէկն է, որուն ընդարձակ եւ յարատեւ գործածութիւնը կը նպաստէ անոր փայլքին, այժմէականութեան եւ ստեղծագործելու լեզու մը դառնալուն։
«Զարմանազան» հայերէնի ճամբարը 2017էն ի վեր կը գործէ Ֆրանսայի մէջ։ Զուտ հայախօս է ճամբարը, որ ստեղծագործական ազատ միջավայրի մը մէջ լեզուն կ՛ապրեցնէ եւ բնականօրէն անկաշկանդ գործածելու առիթներ կը ստեղծէ։ Հետեւաբար, անիկա էական կը համարուի Սփիւռքի մէջ, որովհետեւ գաղութներէն հետզհետէ կը նօսրանան հայախօս սերունդները։


Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը չորս տարիներէ ի վեր, Քալիֆորնիոյ տարածքին, հայերէնախօսութեան արշաւը յառաջ կը տանի։ Այդ արշաւը սկսաւ Ազգային վարժարաններէն հայերէն դասաւանդող ուսուցիչներու նորարարական դասընթացքներու կազմակերպումով։ Իրականութիւն է այսօր Քալիֆորնիոյ հայ գաղութին տիրական ներկայութիւնը եւ ազգային գործունէութեան աշխուժութիւնը ամբողջ Սփիւռքի տարածքին. դպրոցական ցանցը այստեղ՝ ըլլա՛յ ամէնօրեայ կամ միօրեայ, ամէնէն հսկան է հայ իրականութեան մէջ։ Հետեւաբար, կարեւոր է ստեղծել այն միջավայրը, ուր հայերէնը պիտի ծաղկի ո՛չ միայն գրական մակարդակով եւ պաշտօնական կամ յատուկ խաւի, սերունդի, կամ միայն դասապահու մը համար, այլ առօրեայ կեանքին մէջ, զայն հաղորդակցութեան միջոց դարձնելու համար։
Այս բոլորը նկատի ունենալով, Խնամակալ մարմինը իր առաջնահերթ նպատակը համարեց հայերէնը պահպանելու լօզունգները կեանքի կոչելը եւ զանոնք գործնական ծրագիրներով իրականացնելը։ Առաջին հերթին, մարմինը սկսաւ Ազգային մանկամսուրներուն մէջ ամբողջական հայկական ծրագիր մը իրագործել։ Անիկա կազմակերպեց մանկամսուրներու ուսուցիչներու վերապատրաստում եւ նոր դասածրագիրին գործադրութեան սեմինարներ՝ վստահ ըլլալու համար, որ որդեգրուելիք ծրագիրը մատչելի է եւ հասկնալի բոլոր մանկավարժ դաստիարակներուն համար, ապա, հայերէնի դասաւանդման նորարարական մեթոտներու երկարամեայ առցանց վերապատրաստութեան ծրագիրներու համար սկսաւ գործակցիլ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հետ՝ «Ուս Հարթակ»ին միջոցաւ։ Իսկ արտադասարանային եւ գաղութի մանուկներուն ու պատանիներուն համար հայերէնի գործածութիւնը զարգացնելու եւ տարածելու համար, երկար պրպտումներէ ետք, մարմինը յայտնաբերեց Ֆրանսայի մէջ իրականացուող «Զարմանազան» ճամբարը ու յարմար նկատեց զայն բերել եւ հասցնել ու իրականացնել Քալիֆորնիոյ մէջ, գործակցելով «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հետ եւ ծրագիրը յարմարցնել Քալիֆորնիոյ եւ ընդհանրապէս Ամերիկայի տեղական պայմաններուն եւ կարգավիճակին։


«Զարմանազան» ծրագիրը ինքնանպատակ ճամբար մը չէ, այլ՝ անոր արմատները կը հասնին հայ մշակոյթի եւ բանահիւսութեան խորունկ ու հարուստ գանձերուն, որպէսզի նորարարական եւ հարազատ ձեւով ճիւղաւորուին նոր սերունդին մօտ, ծաղկեցնելու համար հայ կեանքը, պատրաստելու ապագայի հայ մշակոյթի կռուաններ համարուող նոր սերունդները, որոնք Սփիւռքի մէջ անվարան պիտի ստեղծագործեն հայերէնով, նոյն ատեն, իրենց ապրած միջավայրերին մէջ գործօն եւ կայուն կերպով հիմնաւորուելով։ Մէկ խօսքով, հայ գաղութներուն մէջ, հայերէնը ապրեցնելով՝ հայերէնով մշակոյթ ստեղծելու էական աշխատանքին հունտերը կը ցանուին «Զարմանազան»ին մէջ։
Կարեւոր իրագործում մը եւ Քալիֆորնիոյ հայ կեանքին մէջ ստեղծագործական ու մարտահրաւէր կարդացող աշխատանք մը կը համարենք այս։ Սիրով ստանձնած ենք այս պատասխանատուութիւնը, քաջ գիտակցելով, որ անոր արդիւնքը իր դրական ալեկոծումով պիտի համակէ մասնակցող բոլոր պատանիներուն հոգիները, հայերէնով ստեղծագործելու հունտերը ցանելով ապագայ խոստացող եւ հայ մշակոյթը տարածելու ատակ հայ պատանիներուն միտքերուն, սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ։
Հայերէնի ծաղկումին ներշնչանքով կը շարունակուին մեր աշխատանքային քսանմէկ օրերը, իսկ յաջորդին մեր գաղութը կը տեղեկացնենք տարուող աշխատանքներուն եւ անոնց արձագանգներուն մասին։ Այս առիթով, նաեւ յաջողութիւն կը մաղթենք «Զարմանազան Ֆրանսա»ին, որուն աշխատանքները պիտի սկսին Յուլիսի առաջին շաբաթը, Ալպեան լեռներուն վրայ։