
ՍԵՐՈԲ ԱՐԱՊԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 28 Փետրուար 1937ին, Հալէպ, Սուրիա)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին՝ Սերոբ Արապեանի մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 30 Մայիս 2024ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Հինգշաբթի, 6 Յունիս 2024ին, կէսօրէն ետք ժամը 1ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, 500 S. Central Ave., ապա թաղումը՝ Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Մարի Արապեան
Զաւակը՝ Ռազմիկ Արապեան եւ ընտանիք
Դուստրը՝ Սոնա Արապեան եւ ընտանիք
Վիգէն Արապեան եւ ընտանիք
Եղբայրը՝ Ժիրայր Արապեան եւ ընտանիք
Եւ համայն Արապեան, Գասպարեան, Տօնոյեան, Որբերեան, Քէչէպաշեան, Կիւլտալեան, Մսրլեան, Աշըքեան, Պօղոսեան եւ Քահքէճեան ընտանիքները եւ բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել «Սատարենք Մեր Հերոսներին» բարեգործական հասարակական կազմակերպութեան կայքին, կամ Support Our Heroes NGO, 607 Foothill Blvd., #652, La Canada, CA 91012-0652 հասցէին միջոցաւ:
ՍԵՐՈԲ ԱՐԱՊԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը, իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին՝ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան նախկին անդամուհիներէն Մարի Արապեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
Սերոբ Արապեանի մահուան տխուր առիթով, ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ անդամուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին՝ իրենց անդամուհիներէն Մարի Արապեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն:
ՍԵՐՈԲ ԱՐԱՊԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէութեան ընկեր-ընկերուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի դստեր՝ իրենց ընկերուհիներէն Սոնիկ Արապեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։