Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Կրիկորի Քարասին յայտարարեց, որ Ռուսիա մտադիր է Ստեփանակերտի մէջ գլխաւոր հիւպատոսութիւն մը բանալ եւ այդ հարցին մէջ կ՛ակնկալէ Ատրպէյճանի աջակցութիւնը։
Քարասին այս մասին յայտարարեց Մոսկուայի մէջ, ատրպէյճանցի խորհրդարանականներու հետ հանդիպումին ընթացքին` իր խօսքին մէջ օգտագործելով Ստեփանակերտի ատրպէյճանական անուանումը` Խանքենտի: «Իտէալական պիտի ըլլար, եթէ հիւպատոսութիւնը բացուէր 2024ին», ըսաւ Քարասին։