
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Համաշխարհային Ա. պատերազմի վերջին տարուան՝ 1918ի սկիզբը, YMCAի (Young Men’s Christian Association, Երիտասարդ քրիստոնեայ տղոց միութիւն) անդամներէն Ճան Էլտըր եւ Ճէյմզ Արոլ, ամերիկեան իշխանութեանց կողմէ կը նշանակուին Հայաստանէն ներս ամերիկեան մարդասիրական օժանդակութիւններու պատասխանատուներ: Էլտըր տարիներ առաջ՝ 1914ին, լսած է նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի բանախօսութիւնը՝ Փենսիլվենիոյ Փիթսպըրկ քաղաքին YMCA-ի մէկ հանդիսութեան ընթացքին: Ան, խանդավառուած նախագահին արտասանած ճառէն, սկսած է գործուն մասնակցութիւն բերել YMCA-ի կամաւոր աշխատանքներուն
Էլտըր եւ Արոլ Հայաստան կը հասնին 1918ի Յունուարին: Իրենց առաքելութիւնը իրականացնելու համար կ՛որոշեն Երեւանի մէջ հիմնել YMCA-ի կեդրոն մը: 11 Փետրուարին, կը կատարուի Երեւանի YMCA-ի գրասենեակի բացումը: Անոնք կը լծուին կազմակերպչական աշխատանքի, կ՛ուսումնասիրեն հայ ժողովուրդի ընկերային իրավիճակը եւ կը պատրաստեն համապատասխան օժանդակութեան ծրագիրներ:
Էլտըր եւ Արոլ աշխարհէն գրեթէ կտրուած էին, որովհետեւ հաղորդակցութեան միջոցները խիստ սահմանափակ էին այդ օրերուն:
Մինչ այդ, անոնք ականատես կ՛ըլլան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած զինուորական, քաղաքական եւ ընկերային իրադարձութիւններուն: Էլտըր իր յուշերով եւ նկարներով կը նկարագրէ այդ բոլոր իրադարձութիւնները: Անոնք միակ ամերիկահպատակներն էին, որոնք այդ օրերուն ականատես եղան Հայաստանի մէջ տիրած մարդկային ահաւոր կացութեան եւ մարդասիրական պէտքերուն:
1918ի Ապրիլին, թրքական բանակը կը ներխուժէ Գիւմրի: Թուրքերը կը ռմբակոծեն Գիւմրին, որ ծանրօրէն կը վնասուի: Հերոսական կռիւներէ ետք Գիւմրին կը յանձնուի թուրքերուն 21 Մայիսին: Հազարաւոր գիւմրիցի հայեր կը կորսնցնեն իրենց բնակարանները եւ կը դառնան գաղթականներ: Գիւմրիի փողոցները կ՛ողողուին անտուն, անօթի եւ սոված գաղթականներով:
Էլտըր եւ Արոլ կը հետեւին Սարդարապատի հերոսական կռիւներուն եւ հայկական բանակի յառաջխաղացքին:
26 Մայիսին Էլտըր կը գրէ. «Մէկը չի կրնար ըսել, թէ ինչ կրնայ պատահիլ», իսկ մի քանի օր ետք ան կը գրէ. «Երկու օրերու ճակատումէ ետք, Սարդարապատի ճակատամարտին թուրքերը ամբողջովին նահանջեցին, հայերը յաղթական դուրս եկան եւ Մայիս 28ին Հայաստան հռչակուեցաւ անկախ պետութիւն»:
Պարտուած թուրք զօրքերը իրենց նահանջի ճամբուն վրայ հայ ժողովուրդին հանդէպ կ՛իրագործեն անմարդկային եւ հրէշային բարբարոսութիւններ: Հազարաւոր անմեղ հայեր կը սպաննուին, շատերուն քիթը, աչքերը եւ ականջները կը հատուին: Հազարաւոր հայերու տուները հրոյ ճարակ կը դառնան: Հարիւր հազարաւոր հայեր գաղթական կը դառնան եւ բոլորը կը խուժեն դէպի Երեւան: Թուրքերը գիւղերուն եւ քաղաքներուն մէջ կը քանդեն հայերու բնակարանները: Արմատախիլ կ՛ընեն տուներուն պատուհանները, դուռերը, բաղնիքները, կահկարասիները, տնային իրերը եւ կը տանին իրենց հետ: Բնակարանները կ՛ըլլան անճանաչելի:
Ուրեմն Սարդարապատի յաղթանակէն ետք, Մայիս 28ին Հայաստան կը հռչակուի «ազատ եւ անկախ»:
Անկախացումին առաջին օրէն իսկ, Հայաստան կը մխրճուի զանազան տեսակի տեղական եւ արտաքին հարցերու մէջ: Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով, հարիւր հազարաւոր հայ գաղթականներ Թրքահայաստանէն կը հասնին Հայաստան եւ ապաստան կը գտնեն հայրենիքի զանազան շրջաններուն մէջ: Հայ գաղթականները կը պատսպարուին գաղթակայաններու մէջ եւ կը մատնուին ընկերային ծանր տագնապի, սովի, անօթութեան, անգործութեան եւ տեսակաւոր հիւանդութիւններու:
Էլտըր եւ Արոլ կ՛ապրին հայութեան տառապանքը, Հայաստանի սովը եւ բծաւոր տիֆի ու քոլերայի համաճարակներու քանդիչ վնասները: Անոնք շուտով գործի կը լծուին եւ իրենց մարդասիրական բոլոր միջոցները Հայաստանի ժողովուրդին ի սպաս կը դնեն:

Անոնց աշխատանքները կը կեդրոնանան Երեւանի, Գիւմրիի, Սեւանի եւ Էջմիածինի մէջ:
Երեւանի մէջ գաղթականներուն համար անոնք կը հաստատեն սննդեղէն, կերակուր եւ կաթ բաժնելու կեդրոններ: Կը կազմակերպեն բժշկական խնամքի եւ դեղ բաժնելու յատուկ կեդրոններ: Կը նորոգեն նախապէս գոյութիւն ունեցող բժշկական հաստատութիւնները: Կը դարմանեն եւ կը բուժեն հայ գաղթական հիւանդները: Կը բանան որբանոցներ, ուր կը խնամուին մօտաւորապէս 13,000 մերկ, անօթի եւ ծարաւ որբեր: Կը հիմնեն գործարաններ, արհեստանոցներ, գորգաշինութեան կեդրոններ: Տէր կը դառնան լքուած գաղթականներուն եւ տեղացի անօթի եւ սովի մատնուած հայերուն:
11 Օգոստոսին, Էլտըր ներկայ կ՛ըլլայ Հայաստանի խորհրդարանի ժողովին եւ հոն թարգմանիչի մը միջոցաւ իր շնորհաւորական խօսք կ՛ուղղէ:
Էլտըր իր յուշերուն մէջ գրած է.
– Սովի եւ անօթութեան տարողութիւնը աննկարագրելի էր. մահացած հայու մը բերանին մէջ տեսանք իր կաշիէ սանտալէն մաս մը, ան փորձած էր ուտել իր սանտալը» (5 Յունուար 1919):
– Գացի տեսնելու պետական որբանոցին տնօրէնը՝ բժիշկ Սահակեանը. ան չափազանց տխուր էր, անտրամադիր, յուզուած եւ ընկճուած: Ան յուսահատ էր, որովհետեւ իր 2000 որբերուն կերակուրի պահեստը գրեթէ վերջացած էր. ունէր միայն մէկ օրուան բաւարար գետնախնձոր եւ երեք օրուան բրինձ: Այդ օր որբերը կերակրած էր միայն հացով: Տոքթ. Սահակեանը պիտի խելագարուէր տեսնելով իր որբերուն մահը՝ սովի եւ անօթութեան պատճառով» (11 Փետրուար):
– Տեսայ գերեզմաններ, որոնք բացուած էին եւ դիակները դուրս բերուած. դիակները կմախքացած էին, միայն ոսկոր մնացած էր (24 Ապրիլ):
– Երեւանի մէջ կան 45,000 հայեր առանց կերակուրի: Էջմիածնի գաղթականներուն եւ որբերուն առողջական վիճակը յուսահատիչ եւ ցաւալի է:
– Տեսանք հաւաքական թաղումներ. գերեզմանի մը մէջ կը թաղուին 10-12 մեռեալներ. քահանայ մը օրական կը կատարէ 30 թաղում. փողոցներէն կը հաւաքուին մահացած հարիւրաւոր հայերու դիակները եւ կը փոխադրուին կառապաններու միջոցաւ ու կը դիզուին հոս ու հոն փողոցներու անկիւնները:
– Որոշ տեղեր ժողովուրդին թիւը կը նուազի մահերու պատճառով, իսկ Երեւանի մէջ բնակչութեան թիւը կը բազմապատկուի շրջաններէն եկող գաղթականներուն պատճառով:

Այս միջոցին Էլտըրին եւ Արոլին Ամերիկայէն օգնութեան կը հասնին՝
1. Ուոլթըր Ճորճ Սմիթ՝ Ամերիկայի իրաւաբաններու կազմակերպութեան նախագահ:
2. Հաուըրտ Հէյնս՝ ամերիկացի հանրածանօթ բարեսիրտ գործարար:
3. Ճան Ուէյն, Այոուայի Կրենել քոլէճի տնօրէնը, որ կու գայ իբրեւ Նպաստամատոյցի ներկայացուցիչ, ականատես եւ վկայող ըլլալով Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող սարսափազդու կացութեան:
4. Կրէյս Քնափ՝ յարգուած քրիստոնեայ աւետարանիչ մը:
5. Ըրնեսթ Եարօ, Կերթրուտ Փիրսըն, Ֆ. Թրետուել Սմիթ եւ Մէյպըլ Ֆերինկթըն:
6. Ամերիկացի կամաւոր երիտասարդներ:

Հէյնս Էլտըրի հետ կը պտըտի հայերու տուները, որբանոցները եւ գաղթակայանները: Ան իրազեկ կ՛ըլլայ Հայաստանի սովին եւ բծաւոր տիֆի եւ քոլերայի համաճարակներուն, հայ ժողովուրդի թշուառութեան, աղէտալի վիճակին եւ անմիջական պէտքերուն: Հէյնս, որ մասնագէտ էր ուտեստեղէնի պատրաստութեան, շուտով կը ձեռնարկէ յաւելեալ եւ անմիջական օժանդակութիւններու:
Էլտըր եւ Արոլ Երեւանի մէջ բարեկամութիւն կը մշակեն կարգ մը հայ ղեկավարներու հետ: Անոնցմէ կ՛ըլլան՝ Արամ Մանուկեանը եւ զօրավար Անդրանիկը: Անոնք կ՛ունենան նաեւ հայ օգնական գործակիցներ Երեւանի մէջ, ինչպէս՝ Յովհաննէս Պզնունի, Արսէն Խաչիկեան եւ պրն. Մարտիրոս (մականունը անյայտ):
1919ի Մայիսին, Էլտըր կը ներկայացնէ իր հրաժարականը, չափազանց յոգնութեան եւ ուժասպառութեան պատճառով, սակայն կը մերժուի: Քանի մը անգամ եւս կը ներկայացնէ եւ ի վերջոյ հրաժարականը կ՛ընդունուի:
Էլտըրի մեկնումէն առաջ, YMCA-ի կեդրոնին մէջ կեդրոնի պաշտօնէութիւնը հրաժեշտի պաշտօնական հիւրասիրութիւն-ընդունելութիւն մը կը կազմակերպէ: Հոն ներկայ կ՛ըլլան 70է աւելի հիւրեր՝ պետական երեսփոխաններ եւ նախարարներ ու զինուորական ներկայացուցիչներ, ամերիկացի եւ անգլիացի պատասխանատու անձնաւորութիւններ, մամուլի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Խորէն արք. Մուրադբեկեան՝ ապագայ կաթողիկոսը: Բարի խօսքերէ եւ ուղերձներէ ետք, իրենց յուշանուէր կը յանձնուի՝ ափսէներով միասին արծաթեայ գաւաթներ: Գաւաթներուն վրայ փորագրուած կ՛ըլլայ նախագահ Ուիլսընի նկարը, ամերիկեան եւ հայկական դրօշակները ու շնորհակալական գրութիւն մը, իսկ ափսէներուն վրայ՝ երեք հայ եկեղեցիներ՝ էջմիածնի, Վարագի եւ Աղթամարի:
27 Յուլիս 1919ին, հարիւրաւոր հայ որբեր կոկիկ եւ մաքուր հագուստներով կը յարգեն Էլտըրն ու Արոլը. որբերը կը դիմաւորեն զանոնք պարտէզի մը մէջ եւ կ՛երգեն ցայգերգ մը:
1919ի Օգոստոսին անոնք կը լքեն Հայաստանը:
Էլտըրի հրաժարականէն ետք, Ուաշինկթըն անոր տեղ կը նշանակէ պրն. Սփոյէրը:
Որպէս եզրակացութիւն, կարելի է ընել հետեւեալ մատնանշումները.
Էլտըր եւ Արոլ մէկ տարուան ընթացքին կատարած են մարդասիրական գերմարդկային աշխատանք Հայաստանի մէջ:
Անոնք Հայաստան եկած են խանդավառ եւ բարձր տրամադրութեամբ՝ օգնութեան ձեռք երկարելու հայ ժողովուրդին եւ մարդասիրական աշխատանք իրագործելու այնպիսի պահու մը, երբ Հայաստանի ժողովուրդը շտապ եւ լայնատարած օժանդակութեան պէտքը ունէր: Անոնք փրկած են 15,000 հայ որբերու կեանքը: Անոնք ծառայած են հաւատքով եւ ականատեսի վկայութեամբ: Անոնք հասկցած էին թուրքին անմարդկայնութիւնը՝ տեսնելէ ետք թուրքին կատարած ոճիրները, զանգուածային սպանութիւնները, հազարաւոր հայերու բնակարաններուն քանդումը եւ ինչքերուն հարստահարութիւնը:
Հայաստանի իշխանութիւնը մեծ վստահութիւն ունեցած է Էլտըրի եւ Արոլի հանդէպ՝ տեսնելով անոնց անշահախնդիր աշխատանքը, ճշգրտութիւնը, ծառայելու բարձր ոգին եւ իրաւ մարդկայնութիւնը:

Անոնց ծառայութիւնները Հայաստանի ժողովուրդի յիշողութեան մէջ կը մնան առ յաւէտ:
Էլտըրի եւ Արոլի տարած մարդասիրական գերմարդկային ծառայութեան ընթացքին եւ անոնց մեկնումէն ետք սովը, քոլերայի եւ բծաւոր տիֆի համաճարակները կը շարունակեն մահացու հարուածներ հասցնել անկախացած Հայաստանի բնիկ ժողովուրդին եւ Հայաստան ապաստան գտած Արեւմտահայաստանի գաղթական 350,000է աւելի ժողովուրդին:
Հայաստան կ՛անցնէ անօթութեան ճգնաժամային օրեր: Ամէն կողմ ժողովուրդը կը բացականչէ՝ «հա՛ց, հա՛ց, անօթի՛ ենք, հաց հասցուցէ՛ք, սովէն կը մահանանք»: Գաղթականներուն 150-180 հազարը կը մահանան: Սարդարապատի ժողովուրդին 65 տոկոսը, էջմիածնի 8 գիւղերուն ժողովուրդին 40 տոկոսը եւ Աշտարակի ժողովուրդին 25 տոկոսը կը մահանան: Տեղացի եւ գաղթական ժողովուրդը կիսամերկ, բոպիկ, անպաշտպան գիւղերէն կը հեռանան եւ կը սուրան դէպի Երեւան, ուտելիք գտնելու մարմաջով:
Այս սրտաճմլիկ կացութեան դիմաց Հայաստանի կառավարութիւնը, խորհրդարանի վաւերացումով, կը դիմէ Ամերիկային՝ անմիջական պարենաւորման օժանդակութեան խնդրանքով: Պատասխանը կ՛ըլլայ դրական: Ամերիկայի պարենաւորման ընդհանուր տնօրէն Հըրպըրթ Հուվըր կ՛ըլլայ հայ ժողովուրդի իսկական փրկիչը:

20 Մայիս 1919ին Պաթում կը հասնի ամերիկեան առաջին օժանդակութիւնը՝ 125,000 փութ կամ 2050 թոն ալիւր (1 փութը հաւասար է 16.4 քիլօկրամի). շաբաթ մը ետք կը հասնի երկրորդ նաւը՝ 600,000 փութ (9840 թոն): Այս մթերքը Պաթումէն շոգեկառքերով կը փոխադրուի Երեւան: Ամերիկեան ալիւրի ժամանումով Հայաստանի սովը աստիճանաբար կը մեղմանայ:
Այս անմիջական շտապ պարէնաւորման օժանդակութենէն ետք Ուաշինկթըն կը նախաձեռնէ Հայաստանի ամբողջական օժանդակութեան ծրագիր մը: Ամերիկեան oժանդակութիւնը կը կազմակերպուի ղեկավարութեամբ Հուվըրի: Հայաստան կը հասնին նաեւ զինուորական հետախուզական երկու արշաւախումբեր: Առաջին խումբը կը հասնի 1919ի Օգոստոսին, ղեկավարութեամբ՝ գնդապետ Ուիլեըմ Հեսքըլի:
Հեսքըլի առաքելութիւնը կազմուած կ՛ըլլայ ամերիկացի զինուորականներէ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններէ: Հազարապետ Ուիլեըմ Տեւընփորթ կ՛ըլլայ բժշկական խմբակին պատասխանատու ղեկավարը:
Երկրորդ առաքելութիւնը Հայաստան կը հասնի 1919ի Սեպտեմբերին, ղեկավարութեամբ՝ ընդհանուր զօրավար Ճէյմզ Կ. Հարպորտի: Այս խումբը Հայաստան կու գայ սերտելու եւ արժեւորելու Հայաստանի ընդհանուր կացութիւնը:


Հեսքըլի եւ Հարպորտի խումբերը կը ճամբորդեն ամերիկեան զինուորական խումբեր փոխադրող «Մարթա Ուաշընկթըն» ռազմանաւով:
Այդ օրերուն, այս ռազմանաւուն վրայ կը գործէ ծովային ենթասպայ՝ Յարութիւն Յովհաննէս Խաչատուրեանը: Իր ծառայութիւններուն համար ան գնահատանքի կ՛արժանանայ զօրավար Հարպորտի կողմէ:
Հեսքըլ եւ Հարպորտ Հայաստան հասնելէ ետք տեղական պատասխանատուներուն հետ կ՛ունենան աշխատանքային հանդիպումներ: Անոնք կը կատարեն հետախուզական աշխատանք եւ կ՛ուսումնասիրեն ժողովուրդին առողջապահական, ընկերային եւ սննդական պէտքերը:
6 Հոկտեմբեր 1919ին, Հարպորտ տեղեկագիր մը կը ներկայացնէ Ամերիկայի նախագահ Ուիլսընին: Ան տեղեկագրին մէջ մանրամասնօրէն եւ հանգամանօրէն կ՛անդրադառնայ Հայաստանի տնտեսական, քաղաքական եւ զինուորական իրավիճակին եւ ժողովուրդին ընկերային, առողջապահական եւ սննդառական պէտքերուն: Ան կը ներկայացնէ մարդասիրական օժանդակութեան տարողութիւնը, այժմէականութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը: Ան իր տեղեկագրին մէջ գրած է.
– Ժողովուրդին 80 տոկոսը վարակուած է մալարիայով, 10 տոկոսը վեներական հիւանդութիւններով:
– Սովը համատարած երեւոյթ է: Ժողովուրդին մեծամասնութիւնը սովի հետեւանքով ունեցած են զանազան հիւանդութիւններ:
– Ժողովուրդը կ՛ապրի աղտոտութեան եւ ոչ առողջապահական պայմաններու մէջ:
– Մորթային եւ ակնային հիւանդութիւնները ընդհանրացած են, մանաւանդ՝ երեխաներու մօտ:
– Ոչ գոհացուցիչ պայմաններ ունեցող հիւանդանոցները խճողուած են հիւանդներով:
– Բոլոր երեխաները կը գտնուին սննդառական յոռի պայմաններու մէջ, բոլորը հակամէտ են համաճարակներու:
– Մալարիան, բծաւոր տիֆը, կրկնովի տենդը փորհարութիւնը, թանչը եւ թոքախտը ընթացիկ հիւանդութիւններ են:


– Երեխաներուն մեծամասնութիւնը 3-8 քլկ. նիհարցած է: Անոնք ունեցած են եւ ունին արեան տկարութիւն, թոքախտ, աւշագեղձերու ծաւալում-բորբոքում, ոսկրային հիւանդութիւններ:
– Ժողովուրդին 60 տոկոսը եղած է հողագործ, մանր վաճառական, եւ պետական պաշտօնեայ, (800,000) եւ որոշապէս վնասուած է սովէն եւ համաճարակներէն:
Զօրավար Հարպորտի խումբին մաս կազմած է ենթասպայ Հայկ Շէքերճեանը: Ան առաջին ամերիկացի հայն է, որ շրջանաւարտ եղած է «Ուեսթ Փոյնթ» ռազմական դպրոցէն: Ան 1911ին ծառայած է իբրեւ երկրորդ ենթասպայ հետեւակներու խումբին մէջ: Ան նաեւ ծառայած է զօրավար Փըրշինկի Մեքսիքոյի արշաւախումբին մէջ, 1916-1917ին: Հանգստեան կոչուած է 1946ին, աստիճանի բարձրացումով:
Ամերիկեան այս խիզախ մարդասիրական ծառայութիւնը կը կատարուի ամերիկեան բանակի անձնակազմին կողմէ իրենց հետ ունենալով 75 ամերիկացի քաղաքացիներէ կազմուած խմբակ մը՝ տղամարդ եւ իգական սեռէն ծառայողներ, հիւանդապահուհիներ, որբեր խնամողներ եւ մեքենավարողներ: Այս ամերիկեան օժանդակութեան մարմինը կը համագործակցի «Ամերիկեան Միջին Արեւելքի նպաստամատոյց» կազմակերպութեան հետ:
Գնդապետ Հեսքըլ Նպաստամատոյցին պատասխանատուներէն կը խնդրէ անօթի, սոված եւ համաճարակներէ վարակուած հազարաւոր հայերուն համար սննդեղէն, կերակուր եւ բժշկական խնամքի պիտոյքներ:


Իւրաքանչիւր ամերիկացի բարձրաստիճան զինուորական կը գործէ Հայաստանի տարբեր քաղաքներու եւ շրջաններու մէջ:
Տիկին Հեսքըլ, իր ամուսնոյն կողքին կը գործէ անդադար եւ ծառայութիւնը կը մատուցանէ Երեւանի Ամերիկեան Կարմիր Խաչի որբանոցին մէջ: Երեւանցիները զինք կը կոչեն՝ «Ամերիկայի Թագուհին»:
Հեսքըլի եւ Հարպորտի խմբակները, գործակցաբար Նպաստամատոյցին, Հայաստանի մէջ կը կատարեն հետեւեալ գերմարդկային ժառայութիւնները. մէկ տարուայ ընթացքին.
– Նպաստամատոյցը կերակուր կը հայթայթէ 561,870 հայերու, մեծերուն՝ հաց եւ ալիւր, իսկ երեխաներուն՝ կաթ եւ սննդեղէն: Այս աշխատանքը կը կատարուի որբանոցներու, մանկական հիւանդանոցներու եւ կաթ բաժնելու կեդրոններուն մէջ:
– Ալեքսանտրափոլի Գոսաչի համալիրին մէջ գտնուող 5000 որբերը, Գիւմրիի ռուսական հին զօրանոցներուն մէջ գտնուող 25,000 որբերը ամէն օր կը կերակրուին համադամ եւ սննդարար կերակուրներով: Անոնց համար կը ստեղծուի լոգնալու կարելիութիւն: Կը դարմանուի անոնց ոջլոտութիւնը:
– Հայաստանի 450,000 գաղթականները ամէն օր կը ստանան սննդարար կերակուր եւ բժշկական խնամք:
– Գաղթականները նոր հաստատուած արհեստանոցներու մէջ կը սորվին զանազան արհեստներ: Անոնք ամէն օր կը կերակրուին սննդարար կերակուրներով եւ անոնց նաեւ կը տրամադրուի հագուստ:
– 40 հիւանդանոցներ եւ 17 որբանոցներ կը բացուին եւ կամ կը նորոգուին:
– Հիւանդանոցային ծառայութիւնները կը կատարուին ամերիկեան օժանդակութեան բժշկական անձնակազմին եւ տեղական հայկական ուժերու միջոցաւ:
– Բժշկական ծառայութիւնները կը մատուցուին բծախնդրութեամբ եւ մասնագիտական չափանիշերով:
– Գոյութիւն ունեցող ոչ գոհացուցիչ ֆիզիքական կառոյցներով հիւանդանոցները կը նորոգուին եւ հոն կը բուժուին ու կը դարմանուին հազարաւոր հայորդիներ:
– Օրական 75,000 երեխաներու կերակուր եւ բժշկական խնամք կը տրուի:
– Ամէն ամիս 4000 հայերու հիւանդանոցային խնամք կը տրուի. զգալիօրէն կը բարելաւուին Հայաստանի առողջապահական հոգատարութեան միջոցները:
– Ամերիկացի բժիշկները կը պատուաստեն ժողովուրդը թիֆոյիտի եւ ծաղկախտի դէմ եւ այս պատուաստումներուն շնորհիւ կը նուազի մահացողներու թիւը: – Անոնք կը բարելաւեն ժողովուրդին ընդհանուր առողջապահական վիճակը:
– Հողագործները կը ստանան ամէն տեսակի օժանդակութիւն եւ հողագործութիւնը կը բարելաւուի:
Տեւընփորթ յաճախ կ՛այցելէ հիւանդանոցները եւ իր թելադրանքներով օգտակար կը հանդիսանայ հիւանդանոցներու մէջ գործող հայ բժիշկներուն:
Զօրավար Հարպորտ կ՛այցելէ Էջմիածնի Մայր աթոռ, ընկերակցութեամբ ենթասպայ Յարութիւն Խաչատուրեանի եւ զօրավար Ժորժ Մոսլէլիի: էջմիածնի մուտքին, հայ որբերը կը դիմաւորեն զինք:
1920ի աշնան, Հայաստան կը սկսին ներխուժել համայնավարները: Շուտով ռուսական ուժերը կ՛անցնին իշխանութեան գլուխը եւ վերջ կը տրուի ազատ եւ անկախ Հայաստանին: Նոր վարչակարգին հաստատումով, Հեսքըլի եւ Հարպորտի առաքելութիւնը կը հեռանայ Հայաստանէն:
1920ի Օգոստոսէն սկսեալ դադրած էր ալիւրի ամերիկեան առաքումը, որուն պատճառով Հայաստանի մէջ հացի ապահովման հերթերը կը վերսկսին. այդ օրերուն Հայաստան երեք ճակատներու վրայ պատերազմի մէջ կը գտնուէր:
Հոս կարելի է հաստատել, որ Հայաստանի երկու տարուան անկախութեան ժամանակամիջոցին Ամերիկայի կողմէ Հայաստանի սովահար ժողովուրդին օգնութիւնը եղած է անգնհատելի, երբ նորանկախ հանրապետութիւնը կ՛ապրէր դժոխային պայմաններու մէջ: Միայն 1919ին, Հայաստան Ամերիկայէն ստացած է պարենաւորման-ուտեստեղէնի հետեւեալ օժանդակութիւնները.
– 1,295,243 փութ կամ 2,132,000 թոն ալիւր, 256,758 փութ ցորեն, 68,563 փութ բրինձ, 20,000 փութ կորեկ, 8010 փութ եգիպտացորեն, 10,738 փութ վարսակ, 5,950,000 տուփ խտացած կաթ, 512,000 փութ քաքաօ, 44,000 փութ շաքար, 5000 փութ ճարպ, 1500 փութ թէյ:
Հոս տեղին է յիշել հետեւեալ իրադարձութիւնները.
– Առաջին անգամ ըլլալով, Հայաստանի մէջ 8 Օգոստոս 2018ին տեղի ունեցած է բացառիկ ցուցահանդէս մը՝ նուիրուած Օսմանեան կայսրութեան կողմէ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ կատարուած Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառով Արեւելեան Հայաստան գաղթած հայ որբերուն օգնութեան հասած YMCA-ի կամաւորներ Էլտըրի եւ Արոլի մասին:
– Ցուցադրութեան ընթացքին ներկայացուած են 95 լուսանկարներ, որոնցմէ 64ը Էլտըրի լուսանկարներու հաւաքածոյէն եղած են, 8ը ժամանակակից արձանագրութիւններ ու փաստաթուղթեր, իսկ 4ը՝ քարտէսներ: Հոն տեղ գտած են Էլտըրի օրագրին 32 մէջբերումներ, որոնք վաւերագրական վկայութիւններ եղած են ներկայացուած լուսանկարներուն պարունակութեան մասին: Այդ մէջբերումներէն մէկը եղած է հետեւեալը. «Մէկ տարի Երեւանի մէջ, այն ալ ինչպիսի՜տարի: Եթէ մէկ տարի առաջ ինծի ոեւէ մէկը ըսած ըլլար, թէ բացի YMCA-ն գլխաւորելէ պիտի ղեկավարեմ նաեւ 7500 աշխատակից ունեցող գործարաններ, 350 երեխայի օթեւան դարձած որբանոցներ ու 120 մահճակալ ունեցող հիւանդանոց, կը մտածէի, որ ան խենթ է»:
– Ցուցահանդէսը տեղի ունեցած է Ամերիկայի հայկական համագումարի, Ուաշինկթընի Հայկական Ազգային Ինստիտուտի (ANI) եւ «Նարեկաց»ջ արուեստի միութեան կազմակերպութեամբ :
– 2018-2021ին, վերոյիշեալ ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Քալիֆորնիոյ զանազան շրջաններու մէջ:

ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1. Massis post, ANI releases new exhibit revealing critical humanitarian assistance of the US military to Armenia in 1919-20, April 5 2019.
2. Carmen Ramos, Chandler, CSUN Exhibit․ The role that YMCA and Americans played in Armenian relief efforts following World War I, October 17, 2019.
3. ANI, Digital exhibits on topics relating to the Armenian genocide.
4. Armenian Assembly.org, The critical role of the YMCA and American relief in Armenia, April 8, 2018.
5. Massis Post, Yerevan, ANI Releases New Exhibit Revealing Critical Humanitarian Assistance of the U.S. Military to Armenia in 1919-1920, 5 April, 2019.
6. ArmenPress, Yerevan, Exhibition titled “US aid in 1918-1920 First Republic of Armenia”, August 8, 2018.
7. Duzdabanyan, Ani, One Century Later YMCA Volunteers Are Honored for Saving Lives in Armenia during World War I, The Armenian Mirror-Spectator, June 26, 2021.
8. Վրացեան, Սիմոն, Հայաստանի Հանրապետութիւն, երկրորդ հրատարակութիւն, Պէյրութ, 1958.
9. «Հայերն Այսօր», «Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերուն Օգնութեան Հասած Ամերիկացի Երկու Կամաւորի Նուիրուած Ցուցահանդէս՝ Հայաստանի Մէջ», Երեւան, 7 Օգոստոս 2018․
10. «Ամերիկեան Օգնութիւնը 1918-1920թթ. Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնում», Աւանդ.ամ, Օգոստոս 2018․
11. ՆԱՄ Մամուլ, Armenian National Institute exhibit featuring YMCA achievements to save victims of the Armenian Genocide shared across Southern California, December 7,2019.