ԼԵՆԱ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Մօտ 14 տարիներու դադարէ ետք, Նիսի հայ գաղութը, ինչպէս նաեւ տեղացի երաժշտասէր ժողովուրդը, վայելեցին հայ երաժշտական եւ դիւթիչ եւ յուզիչ պահեր, շնորհիւ Նիսի նորակազմ Հայ երաժշտութեան եւ արուեստի կաճառին՝ Académie de Musique et d’Art Arméniens de Nice, Նատիա Նաքաշեանի նախագահութեամբ եւ հանրածանօթ մաէսթրօ Խաչիկ Եըլմազեանի գեղարուեստական ղեկավարութեամբ:
Ելոյթը տեղի ունեցաւ Նիսի Անկլիգաններու Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Ապրիլ 14ին, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան: Յուսադրիչ, խրախուսիչ եւ քաջալերական էր տեսնել եկեղեցւոյ ետեւի բաժինը բազմաթիւ յոտնկայս ունկնդիրները՝ տեղերու սահմանափակ թիւին պատճառով, ինչ որ անգամ մը եւս կը փաստէր, որ ժողովուրդներու միջազգային լեզուն երաժշտութիւնն է:
Այստեղ կ՛ուզեմ անդրադառնալ թէ, Խ. Եըլմազեանի ղեկավարութեամբ, 15 երկար տարիներ ելոյթներ ունեցած Նիսի «Սայեաթ Նովա» երգչախումբին այլեւայլ պատճառներով լուծուելէն ի վեր, տեղւոյն հայ գաղութը ծարաւը ունէր նման առիթի մը: Ելոյթը կազմակերպուած էր Արցախի գաղթականներուն եւ կարիքաւորներուն ի նպաստ:
Եըլմազեանի ընտրութեամբ, ընդամէնը 11 անդամուհիներէ (երաժշտական մասնագէտ եւ ոչ-մասնագէտ) բաղկացած այս փոքրիկ սակայն որակաւոր խումբը ժողովուրդին հրամցուց փունջ մը երգեր, շարականներ, նուագներ եւ արտասանութիւններ մեր անմահներէն՝ Կոմիտասէն, Խաչատրեանէն, Սեւակէն, Շիրազէն…
Ն. Նաքաշեանի բացման եւ բարի գալստեան խօսքէն ետք, Լուսինէ Պօշնաքեան ներկայացուց յայտագիրը ֆրանսերէնով:
Հանդէս եկան մեներգչուհիներ՝ Անայիս Չալըքման, Անուշ Բարսեղեանց, Անի Եըլմազեան, Դանիա Պօշնաքեան եւ Երեւանի Օփերայի վաստակաւոր մեներգչուհի Սուզանա Արմական, Կանաչեանի, Աւետիսեանի եւ Կոմիտասի ստեղծագործութիւններով:
Յատկանշական էր մասնակցութիւնը մեր շատ երիտասարդ, տաղանդաւոր ու մեծ ապագայ խոստացող ուսանողուհիներուն՝ Ալեքսանտրա Տօնիկի (դաշնակ), Անահիտ Գօնքէի (տաւիղ) եւ Գոհար Գազանճեանի (արտասանութիւն):
Եըլմազեանի կազմած իգական եռաձայն համոյթը նորութիւն մըն էր: Ութ հոգիէ բաղկացած այս համոյթը այնքան տպաւորիչ եւ ապրումով երգեց երկու եկեղեցական եւ երկու ժողովրդական երգեր, որ ելոյթը աւարտեցաւ անընդհատ ծափահարութիւններով եւ «պիս»ի կանչերով:
Յաջողութիւն եւ յարատեւութիւն՝ նորակազմ երաժշտասէր կաճառին եւ շնորհակալութիւն՝ նախ անձնուէր խմբավար Խ. Եըլմազեանին ապա՝ քաջալերող եւ զօրավիգ կանգնող նիսահայ գաղութին:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»