Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ Ալեքսանտր Սիրսքի յայտարարեց, որ ճակատին վրայ կացութիւնը վատթարացած է, եւ «ռուսական ուժերը տարբեր շրջաններու մէջ մարտավարական յաջողութիւններ» կ՛արձանագրեն:
«Ռուսիա շփման գիծի ամբողջ երկայնքին յարձակում կը գործէ: Ռազմավարական նախաձեռնութիւնը ձեռք ձգելու եւ ճակատի գիծը ճեղքելու փորձով, թշնամին իր ջանքերը կեդրոնացուց շարք մը շրջաններու վրայ, ինչ որ ուժերու եւ կարողականութեան մեծ գերակայութիւն ստեղծեց», յայտնեց զօր. Սիրսքի:
Ուքրանիոյ բանակի հրամանատարը ըսաւ, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին շփման գիծին վրայ մղուեցան «բուռն ճակատամարտեր»՝ ակնարկելով, որ կացութիւնը «փոփոխական է», ուր կողմերէն մէկը կարգ մը դիրքեր իր վերահսկողութեան տակ կ՛առնէ, ապա միւս կողմը կը վերատիրանայ այդ դիրքերուն, իսկ այդ մէկ օրուան ընթացքին քանի մը անգամ կը պատահի:
Ան յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ ուքրանական ուժերը կարգ մը շրջաններու մէջ կը կարենան «բարելաւել իրենց մարտավարական դիրքերը»:
Զօր. Սիրսքի խոստովանեցաւ, որ ուքրանական ուժերը նահանջած են Պերտիչի, Սեմենիվքա եւ Նովոմիխայիլիվքա գիւղերէն: