
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Կրթական հարցերու բաժանմունքը, համագործակցութեամբ Լոս Անճելըսի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ Քելի Կոնեզի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկ մը իրականացուցին Վելի Կլենի հանրային «Ճէյմզ Մետիսըն» միջնակարգ վարժարանին մէջ։
17 Ապրիլին տեղի ունեցած ձեռնարկին ներկայ էին հարիւրաւոր աշակերտներ, ծնողներ, ուսուցիչներ եւ համայնքի անդամներ։
Յիշեցնենք, որ Կրթական հարցերու բաժանմունքին եւ Կոնեզի գրասենեակին համագործակցութեամբ անցեալ տարի պատրաստուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման համար ուսուցիչներու ուղեցոյց մը եւ դասաւանդումները հարստացնող նիւթեր, որոնք կը գործածուին կրթաշրջանի նախակրթարաններէն մինչեւ 12րդ դասարաններուն մէջ։ Կրթական հարցերու բաժանմունքի փոխատենապետ դոկտ. Սեդա Անթեքելեան վերախմբագրած էր նշեալ ուղեցոյցը, անոր մէջ աւելցնելով նաեւ Արցախի ցեղասպանութեան բաժինը։



Կրթական հարցերու բաժանմունքի ատենապետ Ալիս Պետրոսեան ողջունեց Կոնեզի եւ անոր անձնակազմին ջանքերը, որոնք կը նպաստեն Հայոց Ցեղասպանութեան եւ այժմ նաեւ Արցախի ցեղասպանութեան դասաւանդման։
Ձեր շրջանի հանրային վարժարաններուն մէջ Ցեղասպանութեան դասաւանդումը ջատագովելու միջոցներուն ծանօթանալու համար դիմել edward@ancawr.org եւ educationcommittee@ancawr.org հասցէներուն։