Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24ի առաւօտեան ժամը 10ին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդական ներկայացուցիչ Զարեհ վրդ. Սարգիսեան Մոնթեպելլոյի մէջ ներկայ եղաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 109րդ տարելիցին նուիրուած կրօնական արարողութեան եւ համայնքապետերու հետ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին բարձրացուց բարեխօսական աղօթք: Այս առիթով, հայ սկաուտական խումբերու կողմէ կատարուեցաւ նաեւ դրօշակի արարողութիւն:
Ոգեկոչելով սրբադասուած հայ զոհերու 109րդ տարելիցը, ձեռնարկին ընթացքին խօսք առին պետական անձնաւորութիւններ եւ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք շեշտեցին պահանջատիրական մեր Դատին կարեւորութիւնը եւ դատապարտեցին անցեալ դարու ցեղասպան Թուրքիոյ եւ ներկայ օրերու ցեղասպան Ատրպէյճանի հակահայ ոճիրները եւ մարդկային իրաւունքներու դէմ իրագործուած քաղաքականութիւնը:
Հուսկ, հոգեւոր եւ աշխարհիկ ղեկավարներ, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու խօսողներ ծաղկեպսակներ զետեղեցին Մոնթեպելլոյի Նահատակաց յուշարձանին շուրջ: Համահայկական այս ձեռնարկին Ազգային վարչութենէն ներկայ եղան Ծովիկ Զէյթլեան եւ Ճէք Հաճինեան:
Նոյն օրուան յետմիջօրէին, Զարեհ վրդ. Սարգիսեան մասնակցեցաւ նաեւ Կլենտէյլի քաղաքապետարանի շէնքի տարածքին մէջ կազմակերպուած ժողովրդային ոգեկոչման հանդիսութեան, ներկայութեամբ Կլենտէյլի քաղաքապետին, խորհուրդի անդամներու եւ հոծ բազմութեան մը: Այս առիթով խօսք առին հայ եւ օտար ղեկավար ու քաղաքական անձնաւորութիւններ, որոնք դատապարտեցին Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ իբրեւ Օսմանեան կառավարութեան կողմէ կանխամտածուած եւ ծրագրուած ոճիր, որուն զոհ գացին հայ ազգի արեւմտահայ հատուածի հայրենի բնօրրանները: Խօսողները նաեւ դատապարտեցին թուրք-ատրպէյճանական հակահայ ոճրային վերաբերումը Արցախի ու արցախահայութեան նկատմամբ:
Յայտնենք, որ 22 Ապրիլին, Քալիֆորնիոյ մայրաքաղաք Սաքրամենթոյի նահանգապետարանի շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 109րդ յիշատակին նուիրուած ամէնամեայ ոգեկոչման հանդիսութիւնը, որուն ներկայ եղաւ Աշոտ վրդ. Խաչատուրեան՝ իբրեւ ներկայացուցիչ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ սրբազանին: Այս առիթով ան նաեւ աղօթք բարձրացուց հայ զոհերու անմեռ յիշատակին, իսկ դրօշակի արարողութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՄԸՄի սկաուտները: Ձեռնարկին նաեւ ներկայ եղաւ Ազգային վարչութեան անդամ եւ Ֆրեզնոյի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեան: