

Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Փեթակ շաբաթօրեայ դպրոցը Շաբաթ, 27 Ապրիլի միջօրէին, աշակերտական յայտագիրով մը նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 109ամեակը: Ձեռնարկին ներկայ էին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի օրհնութեամբ երկու հոգեւոր հայրեր՝ Անանիա վրդ. Ծատուրեան եւ Նժդեհ քհնյ. Քէշիշեան, ծնողներ, մեծ հայրեր ու մայրեր, ինչպէս նաեւ ընտանեկան հիւրեր:
Ամէնամեայ արարողութիւն-յայտագիրը սկսաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ գեղակերտ եւ սրբատաշ խաչքարին առջեւ ծաղիկներ խոնարհեցնելով: Իւրաքանչիւր աշակերտ՝ 4էն 12տարեկան, մէկիկ մէկիկ մօտեցաւ խաչքարին, խաչակնքեց եւ իր ծաղիկը իջեցուց ծխացող խնկամանին մօտ:
Դպրոցին տնօրէնը՝ Նորայր Տատուրեան, մեկնարկը տուաւ յայտագիրին: Ան նախ ներկայացուց հիւր հոգեւորականները: Ան Մայր Աթոռէն քաղաքս նոր ժամանած հայր Անանիային մաղթեց բարի ծառայութիւն, ապա տուաւ օրուան պատգամը՝ նշելով. «Ծաղիկները եկան եւ խոնարհեցան, որպէսզի նահատակներուն յիշատակը թարմ եւ բուրումնալից մնայ: Ինչպէս Պ. Դուրեան ըսած էր՝ յիշատակը եթէ թառամի, այն ատեն մարդը կը մեռնի»:
Յայտագիրին ընթացքին, աշակերտները երգեցին Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային քայլերգը եւ դպրոցի քայլերգը դարձած՝ «Մենք մանուկներ հայոց ազգի» երգը: Դպրոցի օգնականներէն՝ 13ամեայ Տերեւ Տատուրեան խոր ոգեւորութեամբ արտասանեց Յովհաննէս Թումանեանի «Հին Օրհնութիւն» քերթուածը: Դպրոցի ուսուցչուհիներէն Ազնիւ Սէրայտարեան համեստ եւ պարզունակ լեզուով դպրոցի սանիկներուն բացատրեց, թէ ինչո՛ւ հաւաքուած էինք խաչքարին առջեւ եւ հայեցի դաստիարակութիւնը ինչո՛ւ կարեւոր էր վերապրած հայ ազգին համար: Ապա Բ. դասարանի աշակերտները ցնծուն ձայնով արտասանեցին հայրենիքին նուիրուած, գարնան գոյներով եւ բոյրերով համեմուած գողտրիկ ոտանաւոր մը եւ հպարտութեամբ ըսին՝ «Մեր անուշիկ Հայաստան, դուն կարկաչուն աղբիւր ես»:
Յայտագիրին վերջաւորութեան հայր սուրբը տուաւ իր պատգամը եւ հայրական իր խօսքը: Ան հայեցի դաստիարակութիւնը նկատեց Սփիւռքի մէջ հայ ազգին գոյատեւելու եւ ծաղկելու ամէնէն իրական եւ ազդեցիկ միջոցը, իբրեւ օրինակ բերելով Փեթակ շաբաթօրեան: Հայր սուրբը գնահատեց եւ օրհնեց դպրոցի ծնողներու նուիրուածութիւնը, ապա դպրոցին բոլոր աշակերտներուն եւ պաշտօնէութեան յաջողութիւն մաղթեց:
Ջերմ եւ անմիջական մթնոլորտի մը մէջ անցած այս ընտանեկան յայտագիրը աւարտեցաւ Տէրունական աղօթքի միաբերան երգեցողութեամբ: